Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 27 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը, ՀՕՄը կը տեղեկացնէ, թէ իր ներկայացուցիչները մասնակցած են Նիւ Եորքի մէջ կայացած ՄԱԿի ոչ կառավարական կազմակերպութեանց (NGO) 59րդ համաժողովին, որուն ներկայ էին 540 կազմակերպութիւններէ մօտաւորապէս երկու հազար ներկայացուցիչներ:
ՀՕՄի պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Վալենթին Պէրպէրեան, Հէրիյէթ Ղազարեան, Քարոլ Ճաֆարեան, Լալէ Մանճիկեան, Օդէ Քրասքեան եւ Սօսի Իսաճանեան:
Պատուիրակութիւնը փոքր խմբակներու բաժնուեցաւ կարելի եղածին չափ մեծ թիւով նիստերու մասնակցելու համար, եւ պատուիրակութեանց անդամները կրցան աւելի մօտէն ծանօթանալ համաշխարհային ընկերային ու տնտեսական հրատապ հարցերուն ու կապեր հաստատեցին զանազան ոչ կառավարական կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներու հետ, միաժամանակ ՀՕՄի աշխատանքները ծանօթացնելով:
ՀՕՄը մօտաւորապէս 30 տարիներէ ի վեր ՄԱԿի կողմէ ճանչցուած է իբրեւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւն եւ անդամ է ՄԱԿի Տնտեսական եւ ընկերային խորհուրդին, ինչպէս նաեւ աշխատանք կը տանի ՄԱԿի շարք մը յանձնախումբերու մէջ: