ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Միտիա».- Երէկ, Սեպտեմբեր 27ին, Արամ Խաչատուրեանի անուան մեծ համերգասրահին մէջ Հ.Յ.Դաշնակցութեան «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան կազմակերպած ուսանողներուն նուիրուած «Մենք միասին ենք» խորագիրով համերգը հաճելի եւ ուրախ ակնթարթներ պարգեւեց մասնակիցներուն:
Համերգի ընթացքին ելոյթներ ունեցան սիրուած երգիչներ, երաժշտական եւ պարային խումբեր:
Ուսանողները ողջունեցին Հ.Յ.Դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ, ԱԺ փոխնախագահ Վահան Յովհաննիսեանը, Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանը, գիտութեան եւ կրթութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեանը եւ ԱԺի մէջ Հ.Յ.Դ. խորհրդարանական խմբակցութեան այլ անդամներ: