ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Դեկտեմբեր 19ին հրապարակուեցաւ 2006ի մրցաշրջանի Հայաստանի 10 լաւագոյն մարզիկներու ցանկը, որ կազմուած է մարզական թեմաներով գրող 40 լրագրողներու հարցման արդիւնքներով:
Հայաստանի թիւ 1 մարզիկի կոչումը 389 կէտով շնորհուեցաւ Լեւոն Արոնեանին (ճատրակ): Ցանկին մէջ յաջորդաբար տեղ գրաւեցին Կարէն Մնացականեան (ըմբշամարտ, 292), Ռոման Ամոյեան (ըմբշամարտ, 254), Գէորգ Դաւթեան (ծանրաբարձութիւն, 253), Նորայր Բախտամեան (նշանառութիւն, 173), Արմէն Նազարեան (ճիւտօ, 149), Մելինէ Դալուզեան (ծանրաբարձութիւն, 113), Զաւէն Անդրէասեան (ճատրակ, 103), Տիգրան Վ. Մարտիրոսեան (ծանրաբարձութիւն, 101) եւ Հրաչեայ Չաւախեան (բռնցքամարտ, 93 կէտ):
Խմբային մրցանակներու լաւագոյն երրեակը գլխաւորեցին.
1.- Հայաստանի տղոց ճատրակի հաւաքականը՝ 119 կէտ,
2.- Իգական սեռի ճատրակի «Միքա-Երեւան» խումբը՝ 57 կէտ,
3.- Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականը՝ 42 կէտ:
Մարզական լրագրողները հարցաթերթիկներուն մէջ նշած են նաեւ 12 մարզիկներու անուններ. ծանրաբարձներ Արա Խաչատրեան, Հռիփսիմէ Խուրշուդեան, Արմէն Ղազարեան, ճատրակիստներ Լիլիթ Մկրտչեան, Գաբրիէլ Սարգսեան, Վլատիմիր Յակոբեան, Կարէն Ասրեան, բռնցքամարտիկ Յովհաննէս Դանիէլեան, մարմնամարզիկներ Յարութիւն Մերդինեան, Վահագն Ստեփանեան, սամբիստներ Լաերտ Աւագեան, Աշոտ Դանիէլեան: