ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Մինչեւ 20 տարեկաններու ճատրակի աշխարհի ախոյեան, երեւանցի Զաւէն Անդրէասեան Ասթանայի մէջ կազմակերպուած մրցաշարքին 2.5-1.5 արդիւնքով յաղթեց Ղազախստանի տղոց ճատրակի ողիմպիականի հաւաքականի անդամ Անուար Իսմակամպեթովին:
Մրցաշարքը բաղկացած էր դասական եւ արագ չորս մրցումներէ ու նուիրուած էր Ղազախստանի անկախութեան 15րդ տարեդարձին: