ՄԱԿ, «Ռոյթըրզ».- ՄԱԿի Մարդկային իրաւանց խորհուրդը Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 15ին մեծամասնութեամբ որոշեց յատուկ յանձնախումբ մը առաքել Կազա՝ ստուգելու համար Պէյթ Հանունի մէջ բնակարաններու վրայ իսրայէլեան յարձակումներու տարողութիւնը եւ հոն ինկած մեծաթիւ քաղաքային զոհերու սպանութեան պարագաները:
Ժողովը գումարուած էր արաբական եւ իսլամական երկիրներու պահանջով: Անոնք կոչ ուղղած էին խորհուրդին՝ քննելու Կազայի վրայ իսրայէլեան յարձակումներուն ընթացքին ինկած քաղաքայիններու մեծ թիւն ու մարդկային իրաւանց շարունակուող խախտումները:
Խորհուրդի 47 անդամներէն 32 երկիրներու ներկայացուցիչներ թեր քուէարկեցին բանաձեւին, որ կոչ կ՚ուղղէ դադրեցնելու իսրայէլեան գործողութիւնները եւ կազմել հետազօտութեան յանձնախումբ մը, որ Կազա պիտի այցելէ: Դէմ քուէարկեցին ութ երկիրներ, որոնց շարքին են Քանատա, Բրիտանիա եւ Գերմանիա: Վեց երկիրներ, որոնց շարքին՝ Ֆրանսա, Զուիցերիա եւ Ճափոն, մնացին ձեռնպահ: