ԱԽԱԼՔԱԼԱՔ, «Ա-Ինֆօ».- Յուլիս 9ին, ՄԱԿի Սամցխէ-Չաւախքի մէջ տարածաշրջանային զարգացման ծրագրի գլխաւոր պատասխանատու՝ Սոփիա Սվանածէի ղեկավարութեամբ, ՄԱԿի ներկայացուցիչները այցելեցին Ախալցխայի Հայ երիտասարդական կեդրոն:
Անոնց այցի նպատակն էր ծանօթանալ Հայ երիտասարդական կեդրոնի գործունէութեան եւ ծանօթացնել առաջարկուող գործակցութեան ծրագիրին:
Անոնց ծրագիրը կ’ընդգրկէ շրջանի հասարակական կազմակերպութիւներուն հետ ներկազմակերպական աշխատանքներուն նուիրուած դասընթացքներ կազմակերպել՝ աշխատանքներու ռազմավարական ծրագիր, կազմակերպական զարգացում եւ հասարակական կազմակերպութիւններու համախմբում, ինչպէս նաեւ ՀԿներու եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու գործակցութիւն, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու աշխատանքներու ծրագրաւորում եւ իրականացում: