ԵՐԵՒԱՆ, ՄԱԿ, Լրատու Սպասարկութիւններ.- Ուրբաթ օր, 18 երկիրներ ստորագրեցին ասիական երկիրները իրարու կապող երկաթուղիի մը ծրագիրը, որ փաստօրէն կը հանդիսանայ նոր օրերու «մետաքսի երկաթեայ ճանապարհ»:
Ծրագիրը, որ հովանաւորուած է ՄԱԿին կողմէ, կը ներառէ Հայաստանը, Ատրպէյճանը, Քամպոտիան, Չինաստանը, Լաոսը, Իրանը, Հարաւային Քորէան, Ռուսիան, Թուրքիան եւ այլ երկիրներ եւ փաստօրէն Ասիան կը կապէ Եւրոպայի:
Տասնամեակներէ ի վեր այս ծրագիրը կը փայփայուէր ՄԱԿի ծիրէն ներս: Իրականացման պարագային, ծով չունեցող բազմաթիւ երկիրներ իրարու հետ հաղորդակցութեան կապ պիտի ունենան:
40 երկիրներու ներկայացուցիչներ Հարաւային Քորէայի Պուսան քաղաքին մէջ գումարուած երկօրեայ խորհրդաժողովի մը աւարտին ստորագրեցին ծրագիրը, որ կը նախատեսէ 50,000 մղոն ընդհանուր երկայնքով երկաթուղային ցանց մը, որ պիտի անցնի 28 երկիրներէ:
Ծրագիրի պատասխանատու ՄԱԿի համապատասխան մարմնի ներկայացուցիչ, քորէացի Քիմ Հաք-սու ըսաւ, թէ 50,000 մղոնին միայն 6500ը նոր պիտի կառուցուի եւ իրարու պիտի կապէս Հարաւարեւելեան Ասիոյ երկիրները:
Ծրագիրը կը գնահատուի 2.5 միլիառ տոլարով:
Հայաստանի փոխադրամիջոցներու փոխնախարար Հրանդ Բէգլարեան յայտարարեց, թէ այս ձեւով Հայաստան աւելի լայն դիւրութիւններ պիտի ունենայ արտաքին աշխարհին կապուելու առումով: