ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երէկ, Յուլիս 12ին, երկարատեւ ու ծանր հիւանդութենէ յետոյ, մահացաւ հայ անուանի գեղանկարիչ, Հայաստանի Նկարիչներու միութեան նախկին նախագահ Սարգիս Մուրադեան:
Ս. Մուրադեան ծնած է Երեւան, ուր եւ մասնագիտական կրթութիւն ստացած է, այնուհետեւ դասախօսած է Երեւանի գեղարուեստաթատերական հաստատութեան մէջ:
Իր գործերէն նմոյշներ կը պահուին Մոսկուայի, Երեւանի եւ այլ թանգարաններու մէջ, ան նաեւ հեղինակն է Պարոյր Սեւակի կեանքին նուիրուած մեծադիր որմնանկարին՝ բանաստեղծի տուն-թանգարանին մէջ: Անհատական ցուցահանդէսներ տուած է Երեւանի, Մոսկուայի, Ս. Փեթերսպուրկի, Քիեւի, Ռիկայի, Թիֆլիսի եւ Վարշաւիոյ մէջ:
Նկարիչի ստեղծագործութիւնը տոգորուած է հայրենիքի եւ հարազատ ժողովուրդին կապուած խոհերով եւ յոյզերով՝ սկսելով «Վերջին գիշեր. Կոմիտաս» (1956) կտաւէն:
Ան եղած է Խ. Հայաստանի եւ ՀՀ Գերագոյն խորհուրդներու պատգամաւոր:
Վարչապետ Սերժ Սարգսեանի որոշումով, կազմուած է թաղման կառավարական յանձնաժողով՝ տարածքային կառավարման նախարար, փոխվարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի նախագահութեամբ: