
ԱՐԵՆԻ ՇԱՀԻՆԵԱՆ
(Ծնեալ՝ 19 Յուլիս, 1991ին, Կլենտէյլ, Քալիֆորնիա)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ դստեր, քրոջ եւ հարազատին՝ Արենի Շահինեանի անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ Ուրբաթ, 12 Մայիս 2023ին, Նիւ Եորքի մէջ։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Չորեքշաբթի, 31 Մայիս, 2023ին, առաւօտեան ժամը 9ին, Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան Old North Church մատրան մէջ (կարմիր եկեղեցի)։
Սգակիրներ՝
Ծնողքը՝ Կարէն եւ Ժասմէն Շահինեան
Քոյրը՝ Ադինա Շահինեան
Եւ համայն Շահինեան, Խալոյեան, Այվազեան, Վարդանեան, Իսաղուլեան, Խանբաբեան, Խայեաթ, Բաղդասարեան եւ Մայդոսեան ընտանիքները, հարազատներն ու բարեկամները։
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Areni Shahinian Memorial Scholarship Fund-ին։