
ԼԵՒՈՆ ԱՐԻՍ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
(Ծնեալ՝ 17 Փետրուար 1933ին, Աղեքսանտրէթ, Արեւմտեան Հայաստան)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր եւ հարազատին՝ Լեւոն Արիս Գրիգորեանի մահը, որ պատահեցաւ Կիրակի, 14 Մայիս 2023ին։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Ուրբաթ, 2 Յունիս 2023ին, առաւօտեան ժամը 9։30ին, Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան Church of the Hills մատրան մէջ (ճերմակ եկեղեցի), ապա թաղումը՝ նոյն գերեզմանատան մէջ, 6300 Forest Lawn Dr., Los Angeles, CA 90068.
Սգակիրներ՝
Այրին՝ Զարուհի Գրիգորեան
Դուստրը՝ Լենա Պէրպէրեան եւ զաւակները՝ Յովիկ եւ Հայկ
Դուստրը՝ Թալին Արսէնեան եւ զաւակները՝ Ալին եւ Նինա
Քոյրը՝ Անահիտ Նազարեան եւ զաւակները (Լիբանան)
Եւ համայն Գրիգորեան, Մանուկեան, Պէրպէրեան եւ Արսէնեան ընտանիքները, հարազատներն ու բարեկամները
Թաղման արարողութենէն ետք հոգեճաշ պիտի մատուցուի Legacy Banquet Hall-ին մէջ, 6410 San Fernando Rd., Glendale CA 91201։
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Chork Marzban Compatriotic Union-ին։