ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Մահացած է Ազգային ժողովի վերջին երկու շրջաններու պատգամաւոր Երեմ Կարապետեան:
Ան ԱԺ ելեւմուտի, ամավարկի եւ տնտեսական հարցերու յանձնաժողովի անդամ էր, «Ժողովրդական պատգամաւոր» պատգամաւորական խումբի եւ ապա ՀՀԿ անդամ:
Նշենք, որ Ե. Կարապետեան 2003ին ԱԺ պատգամաւոր ընտրուած էր թիւ 23 ընտրատարածքէն եւ ընտրական օրէնսգիրքի 118րդ յօդուածի համաձայն՝ Ազգային ժողովի լիազօրութիւններու չորրորդ տարին մեծամասնական ընտրակարգով լրացուցիչ ընտրութիւններ չեն կատարուիր: