ԽՄԲ.- Պոլսոյ «Ակօս» շաբաթաթերթի խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան առիթով Լոս Անճելըս լոյս տեսնող հայկական թերթերը հետեւեալ հաղորդագրութիւնը հրապարակեցին.-
Յունուար 19, 2007, Ուրբաթ յետմիջօրէին, ահաբեկչական անարգ ոճիրի մը զոհ դարձաւ «Ակօս» շաբաթաթերթի հայազգի պատասխանատու խմբագիր՝ Հրանդ Տինք: Փամփուշտի աւելի քան երեք հարուածներով ահաբեկուեցաւ ան, իր խմբագրատան առջեւ, ձեռամբ արիւնռուշտ թուրք դահիճին:
Վաստակաշատ, խիզախ ու հաւատաւոր՝ 53 տարեկան Հրանդ Տինք խորունկ տեսլականի տէր խմբագիր մըն էր շաբաթաթերթի մը, որ ունէր հայերէն եւ թրքերէն բաժիններ: Ամէն շաբաթ ան թրքերէն լեզուով կը հրատարակէր ազգային, քաղաքական համամարդկային յօդուածներ, նպատակ ունենալով թուրք ժողովուրդին ծանօթացնել, բացատրել եւ պատմական տուեալներով ապացուցել հայոց դէմ դործադրուած Ցեղասպանութիւնը Օսմանեան կայսրութեան կողմէ: Նաեւ, Տինք կը դատապարտէր այդ կայսրութեան յաջորդող թուրք կառավարութիւններու՝ Ցեղասպանութիւնը ուրացող քաղաքականութիւնը եւ նորամուտ 301րդ յօդուածը: Տինք կը պահանջէր այդ ցեղապաշտ օրէնքի վերատեսութիւնը:
Հրանդ Տինք, անտեղիտալի ու անվեհեր կերպով պայքարեցաւ թուրք պետութեան եւ պատմաբաններու՝ հայ-թուրք անցեալը խեղաթիւրելու անբարոյ նկրտումներուն դէմ, ինչ կը վերաբերի Հայոց Ցեղասպանութեան եւ պատմական հողերու պատկանելիութեան փաստական ճշմարտութիւններուն: Ան ջատագովը դարձաւ թուրք եւ հայ ժողովուրդներու գոյակցութեան, որ միշտ նշաւակ դարձաւ թուրք ծայրայեղ ազգայնական շարժումներու: Ան զոհը դարձաւ Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացման Թուրքիոյ վարած քաղաքականութեան ու անոր ստեղծած անհանդուրժողական մթնոլորտին: Տինք յաջողեցաւ սերտ կապեր ու գործակցութիւն հաստատել թուրք յառաջադէմ մտաւորականներու հետ, որոնք իրենց հսկայական ներդրումը կը բերեն հայոց եւ այլ փոքրամասնութիւններու դէմ գործադրուած Ցեղասպանութիւններու ճանաչման գործընթացին:
Լոս անճելըսահայ մամուլը ոչ միայն կը սգայ Հրանդ Տինքի անդարմանելի կորուստը, այլ նաեւ խստօրէն կը դատապարտէ անոր թրքաբարոյ սպանութիւնը, խօսքի, մտքի եւ խղճի ազատութեան բռնաբարումը, ունենալով այն հաստատ համոզումը, որ անոր մարտիրոսացումը պիտի արագացնէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը նոյն ինքն թուրք կառավարութեան կողմէ:
«ԱՍՊԱՐԷԶ», «ԿԱՄԱՐԱԿ», «ՀԱՄԱՅՆԱՊԱՏԿԵՐ»,
«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ», «ՄԱՍԻՍ», «ՆՈՐ ԿԵԱՆՔ»,
«ՆՈՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ» «ՆՈՐ ՕՐ», «ՔԱՉ ՆԱԶԱՐ»,
«ARMENIAN OBSERVER», «CALIFORNIA COURRIER»