Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հովանաւորութեամբ՝ մամուլին յանձնուեցաւ Տաճատ Ծ. վրդ. Եարտըմեանի նոր աշխատասիրութիւններէն մէկը՝ «Յիշողութիւն 1915ի Հայկական Ցեղասպանութեան» խորագիրով: Հատորին պատրաստութիւնը հեղինակէն պահանջած է տարիներ:
Բովանդակալից հատորը կը բացուի Սիլվա Կապուտիկեանի խօսուն մէկ արտայայտութեամբ. «Տէ՛ր, վառել ենք քո դէմ մեր վերջին մոմը, դրանից մաքուր էլ ոչինչ ունենք», ինչ որ յատուկ կերպով կրնայ զուգորդուիլ հայ ժողովուրդի Ցեղասպանութեամբ յառաջացած ֆիզիքական ոճիրներուն, նիւթական կորուստներուն եւ հոգեկան տառապանքներու թողած խոցին:
Աշխատութիւնը կը պարունակէ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերող բազմաթիւ դրուագներ, Ցեղասպանութենէն ճողոպրած անձերու պատմական վկայութիւններ, քաղաքական փաստաթուղթեր, վերլուծումներ, գաղթական մտաւորականներու հոգեվիճակներ եւ խոստովանութիւններ, նահատակ եկեղեցականներու անուններ, Ցեղասպանութեան ժամանակակից քաղաքական օտար անձնաւորութիւններու վկայութիւններ եւ դատապարտութիւններ, թուրք պետական եւ քաղաքական անձնաւորութիւններու խոստովանութիւններ, եւ այլն:
Հեղինակը իր այս աշխատանքը կոչած է «Յիշողութիւն 1915ի»՝ համոզուած ըլլալով, որ «Յիշողութիւնը» կը պահէ մարդոց եւ ժողովուրդներու ցաւը, տառապանքը, հայ ժողովուրդի բնաջնջումին քաղաքական պատասխանատուներուն յանցապարտ դիմագիծը, ինչպէս նաեւ տեսիլքը դէպի յուսալից ապագայ եւ արդարութիւն, պահանջելու անոր մարդկային «իրաւունքը»: Հայ ժողովուրդին «Յիշողութիւն»ը իրաւունք կու տայ «յիշելու» օսմանեան թուրքերուն գործադրած Ցեղասպանութեան պետական ծրագիրը, անոր անգութ իրագործումը եւ Ցեղասպանութեան դատապարտումը:
Այս աշխատութեան հրատարակութիւնը կ՛իրականանայ ազնիւ մեկենասութեամբ բժիշկ Յակոբ Այնթապլեանի:
ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ