ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Աշխարհահռչակ մանրաքանդակագործ Էտուարտ Ղազարեան կատարած է գիտական՝ իր տեսակին մէջ աննախընթաց գիւտ մը, ստեղծելով փոքր օղակ մը, որ իրարու կը միացնէ ուղեղի իրարմէ բաժնուած անօթները:
Է. Ղազարեանի անունով կոչուող օղակը նոր իրագործում է բժշկութեան մէջ:
Ըստ գիւտի հեղինակին, իր մանրաքանդակները կը զարմացնեն բոլորը, բայց անհրաժեշտ է նաեւ ստեղծել մարդու համար օգտակար միքրոաշխատանք: «Պատուէր ստանալով՝ փորձեցի ստեղծել անօթները միացնող այս օղակը, արդէն կարողացել եմ յաջողութեամբ աւարտել սարքի պատրաստման աշխատանքները», նշեց Է. Ղազարեան:
Սարքը շուտով պիտի կրկնօրինակուի Միացեալ Նահանգներուն մէջ, եւ պիտի օգտագործուի վիրաբուժական գործողութիւններու ընթացքին: