ԵՐԵՒԱՆ, «Արմռատիօ».- Հայաստանի հիւսիսը գտնուող Թեղուտի մետաղամշակման գործարանի մը կառուցման եւ Թեղուտի պղնձամոլիպտենային հանքավայրի գործարկումի նախագիծի վերաբերեալ պետական բնապահպանական փորձաքննութեան դրական եզրակացութիւնը պէտք է անվաւեր նկատուի, քանի որ կայացուած է միջազգային չափանիշներու եւ Հայաստանի օրէնսդրութեան բազմաթիւ խախտումներով, յայտարարեցին բնապահպանութեան հայ մասնագէտներ Հայաստանի մէջ:
Լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին, երեք անկախ փորձագէտներ՝ «Հայաստանի անտառներ» հասարակական կազմակերպութեան տնօրէն, բնապահպանութեան օրէնքի մասնագէտ Նազելի Վարդանեան, Ընկերային բնապահպանութեան ընկերակցութեան նախագահ, շրջակայ միջավայրի վրայ ազդեցութեան գնահատման մասնագէտ Սրբուհի Յարութիւնեան եւ Հայաստանի Կանաչներու միութեան նախագահ, քիմիագէտ Յակոբ Սանասարեան երէկ յայտարարեցին, թէ նախագիծը մշակուած է «Լեռնային մետալուրկիա» ընկերութեան «Արմինեըն քափըր փրոկրամ»ի պատուէրով:
Թեղուտի պղնձամոլիպտենային հանքավայրի հարցը նոր չէ: Խորհրդային տարիներուն, անոր պաշարները գնահատուած էին 450-500 միլիոն թոնով: Այդ օրերուն եւս արգելք դրուեցաւ հանքի մշակման վրայ՝ Թեղուտի անտառներու եւ եզակի բնութեան պահպանման նպատակով: Իսկ հիմա անարգել կը գործէ «ամէն ինչ վաճառքի» կարգախօսը: Փորձագէտները միահամուռ յայտնեցին այն կարծիքը, որ լիարժէք փորձագիտական գնահատականներու փոխարէն, պետական փորձաքննութեան որոշումը հիմնուած է նոյնինքն այս նախագիծին վրայ, որուն կը զօրակցի կառավարութեան քաղաքական որոշումը:
Բացայայտուած են 7 միջազգային համաձայնագիրներու խախտումներ, խախտուած են ՀՀ սահմանադրութեան 10րդ եւ 31րդ յօդուածները, ինչպէս նաեւ ՀՀ բնապահպանական 10 օրէնքները, ներառեալ՝ բնապահպանութեան մասին ՀՀ օրէնսդրութեան հիմնաւորումները, հողային, ջրային եւ անտառային օրէնքները:
«Մենք եղել ենք Շնող գիւղում եւ խօսել մարդկանց հետ: Ոչ բոլորն են ուզում շինարարութեան վրայ աշխատել, յատկապէս տարեցները: Նրանք ուզում են զբաղուել սովորական գործով եւ երկիւղում են ստիպողական վերաբնակութիւնից», նշեց Ն. Վարդանեան:
Ամենաէական խախտումները՝ մօտ 70, կը վերաբերին շրջակայ միջավայրի վրայ ազդեցութեան փորձաքննութեան առնչուող օրէնքին:
Ընկերային-բնապահպանական ընկերակցութեան նախագահ Սրբուհի Յարութիւնեան ընդգծեց, թէ փաստաթուղթին մէջ չկան նախարարի եւ փորձագէտներու ստորագրութիւնները, եզրակացութիւնը չունի կարգաթիւ եւ թուական։ Վերջին էջին վրայ թուարկուած են պետական փորձաքննութեան կողմէ ընկերութեան ներկայացուած այն պահանջները, որոնք, ըստ իրեն, պէտք է կատարուած ըլլային մինչեւ եզրակացութիւն կայացնելը, եւ ոչ թէ անկէ ետք, եւ պարտադիր կարգով պէտք է հաշուի առնուած ըլլային այս եզրակացութեան մէջ: Ան նաեւ յայտարարեց, որ մարդոց առողջութեան վրայ ազդեցութեան ցուցանիշը պէտք է ներառէ շրջանի բնակչութեան հիւանդանալու համեմատական վերլուծում (շնչառական ուղիներու բորբոքում, ինքնաբեր վիժումներ, չարորակ հիւանդութիւններ, եւ այլն):
Հայաստանի Կանաչներու միութեան նախագահ Յակոբ Սանասարեան ուշադրութիւն դարձուց այն հանգամանքին վրայ, որ նոյնիսկ նախագիծով նախատեսուած վնասի գնահատականը էապէս նուազեցուած է:
Ըստ Սանասարեանի, երկրի հիւսիսը սկսած է ստեղծուիլ միջավայրի պահպանման տեսակէտէ վտանգաւոր կեդրոններու ցանց՝ Ալավերդիի պղնձամոլիպտենային գործարան, Ախթալայի լեռնահարստացուցիչ գործարան, եւ ահա այժմ՝ Թեղուտը:
Սանասարեան ընդգծեց, թէ այս երեւոյթը պետական ապահովութեան խնդիր է, որուն պետական փորձաքննութիւնը պարզապէս ուշադրութիւն չէ դարձուցած:
«Հնարաւոր է, իշխանութիւնները մոլորութեան մէջ են գցուել: Քաղաքական որոշումը, ինչպիսին էլ այն լինի, չպէտք է հակասի օրէնքին», եզրակացուց ան: