Սէուտական «Ուաս« լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն հեռաձայնած է Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մուհամատ պըն Սալման իշխանին եւ քննարկած երկկողմ յարաբերութիւնները, իրենց համագործակցութեան զանազան երեսները եւ շրջանային ու միջազգային գլխաւոր հարցերը:
Էլիզէն իր կարգին հաղորդեց, որ Մաքրոն եւ պըն Սալման մտահոգութիւն յայտնեցին Լիբանանի կացութեան նկատմամբ եւ վերահաստատեցին երկիրը իր խոր ճգնաժամէն դուրս բերելու համար աշխատանք տանելու իրենց վճռականութիւնը:
Անոնք դրուատեցին երկկողմ յարաբերութիւններու աշխուժութիւնը, մասնաւորաբար տնտեսութեան եւ մշակութային ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան խորացումը ու քննարկեցին այն ոլորտները, ուր կարելի է ամրապնդել այդ գործակցութիւնը, մասնաւորաբար՝ պաշտպանութեան եւ ուժանիւթի հարցերուն շուրջ: