ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Միջազգային առեւտրային դրամատունը (ՄԱԴ) (Հայաստան) դարձաւ KfW դրամատան բնակարանային ֆինանսաւորման կայուն շուկայի զարգացում վարկային ծրագիրի մասնակիցներէն մէկը: Ըստ դրամատան հաղորդագրութեան, կը սպասուի, որ KfWի ծրագիրը կարեւորագոյն խթան հանդիսանայ Հայաստանի ֆինանսական շուկայի այդ հատուածի զարգացման համար եւ տեղական դրամատուները մղէ յաճախորդներու վարկաւորման պայմաններու բարելաւման՝ շահատոկոսներու նուազեցման եւ վարկերու մարման ժամկէտներու երկարաձգման համար:
Միջազգային առեւտրային դրամատունը մտադիր է նաեւ անշարժ գոյքի վարկեր յատկացնել իր սեփական միջոցներու հաշուին: Դրամատունը արդէն մշակած է անշարժ գոյքի վարկաւորման սեփական ծրագիր եւ վարկերը պիտի տրամադրէ նուազագոյնը տասը տարի ժամկէտով: Սկզբնական փուլին տրուելիք վարկի ծաւալը պիտի չգերազանցէ 12 միլիոն դրամը (մօտ 30 հազար տոլար):
Նշենք, որ Միջազգային առեւտրային դրամատան բաժնետոմսերու 99.91%ին սեփականատէրն է Makarios (MG) Holdings GMBH ընկերութիւնը:
Դրամատան ընդհանուր դրամագլուխը 2006ի Յունիս 30ի տուեալներով կը կազմէ 5.1 միլիառ դրամ եւ այժմ կը գործէ դրամատան 4 մասնաճիւղ:
Makarios (MG) Holdings GMBH-ը կը համախմբէ մօտ 60 ընկերութիւններ, որոնք գործունէութիւն ունին Աւստրիոյ, Մեծն Բրիտանիոյ, Իռլանտայի, Զուիցերիոյ, Կիպրոսի եւ ԱՊՀ շարք մը երկիրներու մէջ: Հայաստանի մէջ Makarios խումբը Երեւանի Հիւսիսային պողոտայի շինարարութեան աշխատանքներուն մէջ ներդրած է 22.5 միլիոն տոլար: