Ռուսիա՝ ապահովութեան ոլորտին մէջ, Հայաստանի առանցքային գործընկերն է, յայտարարեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ալմաթիի մէջ Ռուսիոյ իր պաշտօնակիցին՝ Միխայիլ Միշուսթինի հետ հանդիպման ընթացքին՝ ընդգծելով. «Ցաւօք, մեզ մօտ ոչ այնքան լաւ իրավիճակ է անվտանգութեան ոլորտում»:
«Գիտէք, որ արդէն աւելի քան մէկ ամիս է շրջափակուել է Լաչինի միջանքը, որ համաձայն Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահի, Ադրբեջանի նախագահի եւ Հայաստանի վարչապետի եռակողմ յայտարարութեան պէտք է լինի ռուսական խաղաղապահների վերահսկողութեան ներքոյ: Այժմ ստացւում է, որ Լաչինի միջանցքը չի գտնւում ռուսական խաղաղապահների վերահսկողութեան ներքոյ, ինչը ստեղծում է կոնկրետ (յստակ) խնդիրներ», ըսաւ Փաշինեան՝ աւելցնելով, որ այժմ կրնանք ըսել, որ Արցախի մէջ կը շեշտուի մարդասիրական ճգնաժամը, ինչ որ շատ կարեւոր եւ զգայուն հարց է երկկողմ յարաբերութիւններուն մէջ:
«Ցաւօք, անվտանգութեան ոլորտում ունենք որոշակի հարցեր նաեւ բազմակողմ ձեւաչափով՝ ՀԱՊԿում եւ յոյս ունենք, որ մեզ կը յաջողուի լուծել բոլոր այդ հարցերը: Մենք աշխատում ենք, մենք շահագրգիռ ենք, բայց ցաւօք, անկեղծ ասած, չի նկատւում որեւէ առաջխաղացում այդ ուղղութիւններով», նշեց Փաշինեան:
Ան ընդգծեց, որ ո՛չ միայն պատրաստ են, այլ նաեւ շահագրգռուած են փոխադրամիջոցային հաղորդակցութեան ուղիներու եւ տնտեսական ենթակառուցուածքներու բացումով։ «Մենք ի հարկէ շատ ենք հետաքրքրուած, որպէսզի տարածաշրջանում բացուեն բոլոր տրանսպորտային եւ տնտեսական ենթակառուցուածքները», ըսաւ Փաշինեան՝ աւելցնելով. «Մենք գտնում ենք, որ դա պէտք է տեղի ունենայ Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնսդրութեան համապատասխան: Ես նկատի ունեմ 2020 թուականի Նոյեմբերի 9ի եռակողմ յայտարարութեան 9րդ կէտը եւ մենք այն առաւել կոնկրետացրել (յստակացուցած) ենք 2021 թուականի Յունուարի 11ի եռակողմ յայտարարութեան մէջ: Մենք բազմիցս այդ մասին ասել ենք, որ եռակողմ յայտարարութեան 9րդ կէտի իրականացման հարցում պէտք է գործենք համապատասխան այն երկրների օրէնսդրութիւնների, որոնց տարածքներով անցնում են ենթակառուցուածքները»:
Ռուսիոյ վարչապետը իր կարգին նշեց, որ Ռուսիա հետեւողականօրէն հանդէս կու գայ Անդրկովկասի մէջ տնտեսական եւ փոխադրամիջոցային կապերու ապաշրջափակման օգտին՝ աւելցնելով, որ իրենք կարեւոր կը նկատեն Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն ձեռք բերած պայմանաւորուածութիւններու կատարման ապահովումը: «Փոխադրամիջոցային ենթակառուցուածքի նոր ուղիներու ստեղծումը կը բխի տարածաշրջանի բոլոր պետութիւններու շահերէն», շեշտեց ան:
Միխայիլ Միշուսթին անդրադարձաւ առեւտրական-տնտեսական համագործակցութեան՝ դիտել տալով, որ նախորդ տարուան Յունուար-Նոյեմբերին փոխադարձ առեւտուրը, 2021 տարուան հետ բաղդատած՝ աւելցած է 77 տոկոսով: «Անիկա գերազանցած է 4.1 միլիառ տոլարը, ինչ որ այսօրուան համար մրցանշային է փոխադարձ առեւտուրի ծիրին մէջ», ընդգծեց Միշուսթին: