ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- 13 Յուլիս 2007ը բոլորին վկայութեամբ պատմական օր մը եղաւ Ղպտի ու Հապէշ Ուղղափառ եկեղեցիներուն պատմութեան համար, երբ ղպտիներու Ս. Մարկոս Մայր տաճարին մէջ, Գահիրէ, Արամ Ա. կաթողիկոսին աշխատանքով ու ներկայութեամբ, տեղի ունեցաւ ողջագուրումը Ղպտի եկեղեցւոյ պետ Շնուտա Գ. պատրիարքին եւ Հապէշ եկեղեցւոյ պետ Ապպա Փաուլոսին միջեւ: Ողջագուրման հանդիպման ներկայ գտնուեցան երկու եկեղեցիներու եպիսկոպոսները եւ բազմահազար ժողովուրդ:
Հաշտութեան միացեալ յայտարարութեան ստորագրութենէն առաջ, Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ արարողութիւն, որուն յաջորդեց հոգեւոր բնոյթ ունեցող յայտագիր մը, մասնակցութեամբ Ղպտի ու Հապէշ Ուղղափառ եկեղեցիներու երգչախումբերուն: Ապա, Շնուտա պատրիարք խօսք առնելով, ողջունեց Արամ Ա. կաթողիկոսին ու Փաուլոս պատրիարքին ներկայութիւնը, յատուկ կերպով շեշտելով այս հանդիպման պատմական կարեւորութիւնը եւ իր գնահատանքը յայտնեց վեհափառ հայրապետին, այս հանդիպման իրագործման մէջ ունեցած կարեւոր դերակատարութեան համար: Ապա խօսք առաւ վեհափառ հայրապետը ըսելով, թէ օրհնեալ օր մըն է այս օրը իր իւրայատուկ պատգամով ու մարտահրաւէրով: Արամ Ա. վեհափառը նաեւ շեշտեց Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու ընտանիքէն ներս գործակցութիւնը խորացնելու անհրաժեշտութիւնը: Վերջին խօսք առնողը եղաւ Փաուլոս պատրիարք, որ իր կարգին անդրադարձաւ այս դէպքին կարեւորութեան, յատկապէս Հապէշ եւ Ղպտի եկեղեցիներու յարաբերութեանց ծիրէն ներս: Ան իր խօսքին մէջ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ նաեւ վեհափառ հայրապետին Եթովպիա տուած պատմական այցելութեան:
Երեք հոգեւոր պետերու ողջոյնի խօսքերէն յետոյ մետրոպոլիտ Պիշոյ, Ղպտի եկեղեցւոյ կողմէ, Նարեկ եպս. Ալեէմէզեան՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ եւ Ապպա Թիմոթի արքեպիսկոպոս Եթովպիոյ եկեղեցւոյ կողմէ, յաջորդաբար կարդացին երեք հոգեւոր պետերուն կողմէ ստորագրուելիք միացեալ յայտարարութիւնը: Ապա երեք հոգեւոր պետեր ստորագրեցին զայն:
Վերոյիշեալ միացեալ յայտարարութիւնը ընդհանուր գիծերով կը շեշտէր Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու հաւատքի միութիւնը ու մանաւանդ այդ միութիւնը ամուր պահելու ու զայն գործակցութեամբ արժեւորելու հրամայական անհրաժեշտութիւնը: Ապա, սոյն յայտարարութեան մէջ Շնուտա եւ Փաուլոս պատրիարքներ շնորհակալութիւն կը յայտնեն Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, սոյն իրագործման մէջ իր ունեցած առանցքային դերակատարութեան համար: Միացեալ յայտարարութեան վերջաւորութեան, Ղպտի ու Հապէշ Ուղղափառ եկեղեցիները իրենց յանձնառութիւնը կ’արտայայտեն իրենց գործակցութիւնը զարգացնելու, եկեղեցւոյ զանազան բնագաւառներէն ներս:
Երեկոյեան, ի պատիւ երկու հոգեւոր պետերուն ու իրենց ընկերացող պատուիրակութեանց, Շնուտա պատրիարք պաշտօնական ճաշկերոյթ տուաւ:
Յաջորդ առաւօտ, Արամ Ա. կաթողիկոս վերադարձաւ Անթիլիաս, իսկ Ղպտի ու Հապէշ եկեղեցիներու սինոտները ունեցան միացեալ հանդիպում Ղպտի եկեղեցւոյ պատրիարքարանին մէջ:
Նշենք, որ նոյն օրը յետ միջօրէին, Ատիս Ապեպայէն միասնաբար Գահիրէ ժամանեցին Ապպա Փաուլոս պատրիարք եւ Արամ Ա. վեհափառը: Փաուլոս պատրիարքին կ’ընկերանար տասը եպիսկոպոսներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը, իսկ Արամ կաթողիկոսի պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Նարեկ եպս. Ալեէմէզեան, Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեան եւ ազգային բարերար Գաբրիէլ Չէմպէրճեան:
Գահիրէի օդակայան իրենց ժամանումին, հոգեւոր պետերը ընդունուեցան Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցին ներկայացնող պատուիրակութեան մը կողմէ: Պատուոյ սրահին մէջ կարճ դադարէ մը ետք, անոնք ուղղուեցան Ղպտի պատրիարքարանի հիւրերու յատուկ բաժինը: Շնուտա Գ. պատրիարք, որ բժշկական խնամքի տակ կը գտնուէր Միացեալ Նահանգներ, օր մը առաջ յատուկ կերպով եկած էր ներկայ գտնուելու Ղպտի ու Հապէշ Ուղղափառ եկեղեցիներու հաշտութեան հանդիպման, որուն նախաձեռնութիւնը առած էր Արամ Ա. կաթողիկոս: Ապա, Շնուտա Գ. պատրիարք ողջունեց Արամ Ա. կաթողիկոսը ու Փաուլոս պատրիարքը: Եղբայրական կարճ հանդիպումէ ետք, պատրիարքարանի հսկայ բակին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն, երգերով ու պարերով, ի պատիւ հոգեւոր պետերուն: Շրջափակը զարդարուած էր Շնուտա Գ. պատրիարքին, Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ Փաուլոս պատրիարքին հսկայ պատկերներով ու բարի գալստեան խօսքերով
Հանդիսութեան ընթացքին խօսք առաւ Շնուտա Գ. պատրիարք եւ իր ուրախութիւնը եւ գնահատանքը յայտնեց վեհափառ հայրապետին, իր այս նախաձեռնութեան համար: