Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան օրուան առթիւ, Հ.Յ.Դ. Մոնթրէալի «Միհրան Փափազեան» եւ Լաւալի «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէներու եւ Հ.Յ.Դ. «Արմէն Գարօ» Ուսանողական միութեան կազմակերպութեամբ, Դեկտեմբեր 9, 2006ին տեղի ունեցաւ կուսակցութեան օրուան նուիրուած պաշտօնական տօնակատարութիւնը՝ Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի «Ա. Ահարոնեան» սրահէն ներս։
Օրուան հանդիսավար Շողիկ Գաթարոյեան իր ողջոյնի խօսքը փոխանցեց ներկաներուն, որոնց կարգին էր առաջնորդ Խաժակ արք. Յակոբեան, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան ներկայացուցիչ Միքայէլ Վարդանեան, Մոնթրէալի քաղաքապետարանի ընդդիմութեան ղեկավար Նուշիկ Էլոյեան, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Հ.Յ.Դ. Քանատայի Կեդրոնական Կոմիտէին եւ Մեծն Մոնթրէալի տարածքին գործող ուղեկից կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ եւ համակիրներ։
Զոյգ կոմիտէներու եւ ուսանողական միութեան անունով խօսք առաւ Տանիա Օհանեան եւ ըսաւ. «Իբրեւ ժառանգորդները դաշնակցական ֆետայիներու հաւատոյ հանգանակին, մեր կարգին, այս օտար ափերուն վրայ, կոմիտէներով, Հայ Դատի յանձնախումբերով եւ կուսակցական մեր կուռ շարքերով, կը շարունակենք բարձր պահել պայքարի դրօշը, մեր ամբողջ կարողականութիւնը ի սպաս դնելով Հայ Դատին, հայրենիքին, Արցախին, Չաւախքին եւ մեր անմիջական տեղական գաղութներուն»:
Հ.Յ.Դ. ՔԵՄի «Լեւոն Շանթ» եւ «Աշոտ Բեկոր» մասնաճիւղերու անունով խօսք առաւ Մարի Թովմասեան: Ապա, հանդիսավարը ներկայացուց օրուան պատգամաբեր «Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագիր Վաչէ Բրուտեանի կենսագրական գիծերը եւ զինք բեմ հրաւիրեց։
Վաչէ Բրուտեան իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ «Հ.Յ.Դաշնակցութեան օրուան առիթով անգամ մը եւս կը կրկնենք ու կը պահանջենք հայրենի իշխանութիւններէն, որ յառաջիկայ խորհրդարանական եւ նախագահական ընտրութիւնները ազատ, թափանցիկ ու պարկեշտ ձեւով կայացնելը առաջնահերթութիւն համարեն: Հայրենի իշխանութիւնները կամ քաղաքական հոսանքները պէտք է հրապարակաւ յայտարարեն, թէ յանձնառու են ազատ, թափանցիկ եւ առանց ընտրական կեղծիքներու քուէարկութեանց, յանձնառու են ժողովուրդի կամքը վեր դասելու նեղ անձնական շահերէ, յանձնառու են պետութեան նկատմամբ ժողովուրդին վստահութիւնը ամրապնդելու սկզբունքին, ու այդ ձեւով՝ յանձնառու են մեր անկախութեան ամրապնդումին» (խօսքը տեսնել առանձին՝ էջ 9):
Բանախօսութենէն ետք, ներկաները դիտեցին տեսաերիզ մը՝ ուր կը ներկայացուէր Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի գործունէութեան տարբեր դաշտերն ու ծրագիրները, ինչպէս Հայոց Ցեղասպանութիւն, Հայաստանի սահմանադրական հարցեր եւ յառաջիկայ ընտրութիւններ, համշէնահայութիւն, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի գրասենեակի բացում, Հ.Յ.Դ. թանգարան, եւայլն…
Հ.Յ.Դ. պատանեկան միութեան Մոնթրէալի եւ Լաւալի մասնաճիւղերու պատանիները մեծ խանդավառութեամբ երգեցին «Արիւնոտ դրօշը», որմէ ետք տեղի ունեցաւ Մոնթրէալի «Դրօ» եւ Լաւալի «Գետաշէն» երէց մասնաճիւղերու պատանիներու խոստման արարողութիւնը։ Պատանիներու դէպի Երիտասարդականի շարքերը փոխանցուելու ուխտի կնքահայրութիւնը կատարեց օրուան պատգամաբեր Վաչէ Բրուտեան։
Պաշտօնական հանդիսութենէն անմիջապէս ետք, ներկաները ուղղուեցան դէպի Հ.Մ.Ը.Մ. «Կամք» մարզասրահ, ուր տեղի ունեցաւ ժողովրդային խրախճանք։
600է աւելի ներկաներու խանդավառութիւնը տեւեց մինչեւ առաւօտեան ժամերը:
Կիրակի առաւօտեան, Սուրբ Յակոբ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ յատուկ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ ի յիշատակ Հ.Յ.Դ. նուիրեալ բոլոր ընկեր-ընկերուհիներուն։