ԱՒՕ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Ժողովրդավարութեան օրրան Ֆրանսայի մէջ, զանազան պատճառներով, միշտ ալ տեղի ունեցած են մեծ կամ փոքր խաղաղ կամ արիւնալի ցոյցեր: Վերջինը, ահա, արդէն Յունուարի կէսերէն ի վեր կը շարունակուի՝ հետզհետէ սաստկացող ուժգնութեամբ, մասնակցութեամբ ամէն անգամ մէկ միլիոնը անցնող բազմութիւններու, որոնք կը բողոքեն կառավարութեան ծրագրած թոշակառուի տարիքը 62էն 64ի բարձրացնելու՝ օրէնքին դէմ:
Ի՞նչն է պատճառը այս ծրագիրին, երբ արդէն իսկ Ֆրանսացի աշխատաւորին միջին աշխատավարձը, որ 2340 եուրօ է, չի բաւեր բարեկեցիկ կեանք մը ապրելու համար, մանաւանդ ռուս-ուքրանական պատերազմին ստեղծած համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամին եւ գնաճին պատճառով:
Աշխարհի բնակչութիւնը աննախադէպօրէն աճած էր 1950էն 1987, եւ կրկնապատկուելով՝ 2.5 միլիառէն հասած էր 5 միլիառի, ընդամէնը 37 տարիներու ընթացքին։ Այդ աճը օրին գիտնականներուն մտահոգութիւն պատճառած էր, որովհետեւ անոնք գիտէին, թէ մոլորակը շուտով պիտի չկարենար կերակրել բազմութիւնները, եթէ նոյն թափով շարունակուէր մարդկութեան բազմացումը:
Այս աճին զուգահեռ, սակայն, նորարարական արհեստագիտութիւններուն զարգացումով կարելի եղաւ ապահովել նորահաս սերունդներուն բաւարար աշխատատեղեր։ Այս ժամանակաշրջանէն սկսեալ, բարեկեցիկ կեանք ապրելու հեռանկարէն քաջալերուած՝ բարձրագոյն կրթութիւնը դարձաւ համատարած, ներառելով նոյնիսկ կիները, որոնք մինչ այդ համալսարաններուն մէջ փոքրամասնութիւն կը կազմէին: Այս նոր կենսակերպը յառաջ բերաւ հաւասարութեան սկզբունքը սեռերու միջեւ, աւելին՝ երկրորդականը աւարտած կիներ 40 տոկոս կազմեցին, մինչ տղամարդիկ՝ 32 տոկոս: Այլեւս կիները կախեալ չէին տղամարդոցմէ։ Անցեալին կիներու ամուսնութեան տարիքը եթէ 20 էր, իսկ տղամարդկանցը՝ 22էն 24, այժմ անոնց բարձրագոյն ուսման պատճառով, անիկա փոխուած է՝ յաջորդաբար դառնալով 25-26 եւ 28-30։ Տարիքի այս բարձրացման մէջ դեր ունեցաւ այն փաստը, որ կիները այլեւս տղամարդոց պէս զբաղած էին աշխատելով. անոնք կը նախընտրէին ամուսնութեան պարագային ունենալ մէկ կամ առաւելագոյնը երկու զաւակ: Գերակշռող դարձաւ ընտանիքներուն մէջ, իրենց զաւակներուն առաւելագոյն ուսում եւ հանգստաւէտ կեանք ապահովելու նպատակը: Մէկ կամ երկու տասնամեակ բաւարար եղաւ ունենալու համար սերունդներ, որոնք ողողեցին այս անգամ բոլոր ոլորտներու աշխատատեղերը, որոնք անխուսափելիօրէն պիտի պատճառէին պահանջարկ-առաջարկի խախտում ի վնաս առաջարկին, որ իր կարգին պատճառ պիտի դառնար աշխատավարձերու ճահճացման կամ իրողական նուազեցման, կեանքի մակարդակի սղութեան պատճառով:
20րդ դարու երկրորդ կէսէն սկսեալ, բժշկութեան զարգացման շնորհիւ կեանքի տեւողութեան միջինը երկարեցաւ՝ հասնելով այսօրուան 75-78ին: Կենսակերպի եւ կեանքի տեւողութեան փոփոխութիւնը պատճառ եղաւ զարգացած երկիրներու բնակչութեան ծերացման: Նոյնիսկ Չինաստան, որ տակաւին 1970ականներուն խուճապի մատնուած էր իր չափազանց մեծ թիւով բնակչութեան աշխատանք ապահովելու մտահոգութեան պատճառով եւ պարտադրած էր մէկ ընտանիք մէկ զաւակ օրէնքը, այսօր նոյնքան տագնապահար է՝ այս անգամ իր ծերացող բնակչութեան պատճառով: Այլեւս ամբողջ Եւրոպայի, զարգացած եւ զարգացող երկիրներու տարածքին, մեծ հայրերը եւ մեծ մայրերը թիւով աւելի շատ են քան թոռները:
Մեծ հայրերուն եւ մեծ մայրերուն ծերութեան թոշակը ապահովելու համար, Ֆրանսայի կառավարութիւնը կա՛մ աշխատուժին վրայ յաւելեալ հարկային պարտաւորութիւններ պէտք է աւելցնէր, որ առանց այդ ալ արդէն շատ բարձր է եւ վստահաբար բողոքի նոր ալիքներ պիտի յառաջացնէր, կամ ալ սահմանէր աշխատավարձերու յաւելում մը, որ ուղղակի ազդեցութիւն պիտի ունենար բազմաթիւ այլ գործօններու վրայ, ինչպէս՝ գնաճին եւ արտադրութիւններու արտածման մրցունակութեան նուազեցման:
Ֆրանսայի կառավարութեան կը մնար այդ երկու տարբերակներէն հրաժարելով՝ ընտրել թոշակառուներու ծերութեան թոշակէն օգտուելու տարիքը երկու տարիով երկարաձգելու տարբերակը։ Այս մէկը պատճառ պիտի ըլլար բոլոր ազգաբնակչութեան բուռն ընդդիմութեան եւ միլիոնանոց ցոյցերու:
Այսպիսով, ականատես կ՛ըլլանք գոնէ զարգացող եւ զարգացած երկիրներու բնակչութեան ինքզինք վերարտադրելու անկարողութեան: Տակաւին այդ ընթացքէն հեռու են կենդրոնական Ափրիկէի (Sub-Saharan), Հնդկաստանի, Միջին Արեւելքի եւ ընդհանրապէս Իսլամական երկիրները, ուր բնակչութեան աճը կը շարունակուի, թէեւ ոչ նախկին չափերով:
Բնակչութեան ծերացման փաստը նկատի առնելով, սպառողական ընկերութիւնները սկսած են մտածել նոյնիսկ զարկ տալ այդ զանգուածին ճաշակը գոհացնող արտադրութիւններու՝ նորաձեւութիւններէն սկսեալ, հասնելով ինքնաշարժներու եւ այլ արհեստագիտական ապրանքներու:
Ժողովրդագրութեան մասնագէտները կը խորհին, թէ միջին դասակարգի ծանրութեան կեդրոնը, որ մինչեւ երէկ միայն Արեւմտեան երկիրներն էին, վաղը անոնք պիտի ըլլան Ասիոյ մէջ:
Բնակչութեան նուազեցման փաստին առջեւ կանգնած ենք նաեւ մենք՝ հայերս: Հայաստանի մէջ ոչ միայն մեր բնակչութիւնը կը ծերանայ, որ ինքնին մեր անվտանգութեան համար սպառնալիք է, նկատի ունենալով որ մեր աշխարհագրական դիրքը, այլ նաեւ մեր երիտասարդութեան արտագաղթը անդադար կը շարունակուի։ Ոմանք աւելի բարեկեցիկ կեանք գտնելու յոյսով, ուրիշներ զինուորական ծառայութենէ խուսափելու համար, իսկ ոմանք ալ իրենց բարձրագոյն կրթութիւնը արեւմտեան բարձրակարգ համալսարաններու մէջ շարունակելու պատճառով:
Ըստ ՄԱԿի ժողովրդագրական ուսումնասիրութեան հաշուարկներուն՝ Հայաստանի բնակչութիւնը 2100ին, նուազելով՝ պիտի կազմէ մէկ միլիոն: Ինչպէ՞ս կանգնեցնել այս արտագաղթը. կա՞յ արդեօք որեւէ միջոց։ Կա՛յ միայն մէկ ձեւ. Հայաստանի տնտեսութիւնը եւ գիւղական համայնքները զարգացնել, եւ մանաւանդ՝ Սփիւռքի ներուժը դէպի Հայաստան ուղղելով:
Ամերիկայի «Էմ.Այ.Թի.» (MIT) համալսարանէն քաղաքական գիտութիւններու դոկտորականով վկայուած եւ Քալիֆորնիոյ Պըրքլի համալսարանի դասախօս եւ բաժինի վարիչ հայազգի Անն Լի Սաքսէնեան իր հրատարակած գիրքերէն՝ Silicon Valley’s New Immigrant Entrepreneurs-ին եւ The New Argonauts: Regional Advantage in a Global Economy-ին մէջ կը գրէ, որ ուղեղներու՝ դէպի Ամերիկա արտահոսքէն օգտուած է թէ՛ Ամերիկան եւ թէ անոնց մայր երկիրներ Չինաստան, Հնդկաստան, Իսրայէլ եւ այլն. եւ այդ երկիրներէն Ամերիկայի համալսարաններէն վկայուած ուսանողութեան կէսը վերադարձած է իր հայրենիքը, իսկ Ամերիկայի մէջ հաստատուածներու մնացեալ կէսին մէկ երրորդը իր նախկին հայրենիքներու մէջ ընկերութիւններ բանալով՝ նպաստած է անոնց զարգացման եւ յառաջդիմութեան։ Ուրեմն՝ կը շարունակէ ան, ուղեղներու արտահոսք (brain drain) ըսելը ճիշդ չէ այլեւս, այլ ուղեղներու շրջանառութիւն (brain circulation):
Պիտի կարենա՞նք մենք վերոնշեալ հայազգի հեղինակին ըսածը արդարացնել եւ Սփիւռքի մեր ներուժը կազմակերպելով՝ դէպի Հայաստան առաջնորդել: Այդ ձեւով միայն կարելի կ՛ըլլայ նորահաս սերունդները աշխատանքով ապահովել, ժողովուրդի կենսամակարդակը բարձրացնել եւ նաեւ որոշ հայրենադարձութիւն յաջողցնել, մանաւանդ որ Արեւմտեան երկիրները եւ նոյնիսկ Հիւսիսային Ամերիկան այլեւս Աստուածաշունչի «կաթի եւ մեղրի» երկիրները չեն: Տնտեսապէս հզօր երկիր մը ի զօրու կ՛ըլլայ նաեւ նիւթականով քաջալերելու բազմազաւակութիւնը:
Անհրաժեշտ է ամէն գնով հակադարձել ՄԱԿի չարաբաստիկ այդ կանխատեսումին: