ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նկատելով, թէ արդէն հասեր է 52 շաբաթներուն ամէնէն աւագը եւ զօրաւորը՝ Աւագ շաբաթը, երբ հոգեւոր հայրերը եկեղեցիներու բեմէն բոլորիս պիտի յիշեցնեն, թէ ինչ որ հիւանդութիւնն է մարմինին համար, մեղքն ալ նոյնն է հոգիին համար, ապա ջերմեռանդ աղօթքով հայը պիտի խոստովանի իր մեղքերը՝ խմբական եւ անձնական, ու պիտի ըսէ՝ «Մեղա՜յ Աստուծոյ», այսինքն՝ մեղք գործեցի Աստուծոյ առջեւ, իսկ քահանան թողութիւն պիտի շնորհէ բոլորին, ձայնելով՝ «Քաւեալ լիցին քեզ մեղք քո», միեւնոյն ժամանակ, երբ քաղաքական գետնի վրայ, դեռ հայրենիքի մէջ մօտիկ անցեալի ձախողութիւններուն եւ ռազմական պարտութիւններուն համար կը փնտռենք մեղաւորներ, յարգելի՛ ընթերցող, որոշեցի ստուգել «մեղք» բառին պատմութիւնը ու հասկնալ մեր բոլոր մեղքերուն արմատը, հաւատալով, թէ այս աշխատանքով կարելի պիտի ըլլայ, մի գուցէ, մաքրել անցեալի մեղքերը ու զանոնք հակակշռած ըլլալ պտղաբեր գործով:
ԱՌԱՋԻՆ ՄԵՂԱՒՈՐԸ
Թիւով շատ են մեղաւոր հայերը: Բայց, ուզեցի գիտնալ, թէ ո՛վ էր գրաւոր հայերէնի առաջին մեղաւորը: Բոլոր աղբիւրները մատնանշեցին մէկ անուն՝ Մեսրոպ Մաշտոց: Այս սուրբն է, որ գրեց մեր առաջին հոգեւոր երգերը ու իր իսկ ստեղծած նորագիւտ նշանագիրներով խոստովանեցաւ հետեւեալ ձեւով.
«Մեղք իմ բազում են յոյժ,
Ծանր են քան զաւազ ծովու»:
Այս յուզիչ երկտողը, ըստ երեւոյթին, բաւարար չէր իր մեղքերը արտասանելու համար, ուստի՝ սուրբը ըսաւ. «Ի խորս մեղաց ծովու տարաբերեալ ծփիմ, նաւապետ բարի, փրկեա՛ զիս»:
ՄԵՂՔԻ ՏՈՊՐԱԿԸ
Հայը կը «գործէ» մեղք, ապա ջերմեռանդ աղօթքով մեղմօրէն կ՛ըսէ. «Հաւատամք… ի քաւութիւն եւ ի թողութիւն մեղաց»: Գիտենք, թէ բազմաթիւ են մեղքի դրդապատճառները, բայց անոր լեզուական արմատը մէկ է՝ «մեղ», միավանկ մը, որ կը նշանակէ՝ սխալիլ, խաբել: Այս բառը սերտ կապեր ունի «մոլորիլ, մոլորութիւն» բառերուն հետ: Հայը, իր բազում մեղքերը արտայայտելու համար, մտայղացաւ նաեւ պատկերալից բառեր, ինչպէս՝ մեղապարտ, մեղադիր, չքմեղ, սակաւամեղ, երկրամեղ, մեղսաթաթաւ, մեղսակից…։ «Մեղք» բառին մեծկակ եւ ծանրակշիռ տոպրակին մէջ մտան նաեւ դարձուածքներ. «Մեղք համարել», «Մէկուն մեղքը առնել«, «Մեղքը գալ», «Մեղքը վիզը«: Հայը, պատահեցաւ նաեւ, որ «իր վրայ առաւ» ուրիշին մեղքը, կամ՝ «մտաւ» մեղքի տակ, այսինքն՝ ուրիշի դժբախտութեան պատճառ դարձաւ: Իսկ «մեղաւոր» դարձուածքներու առաւել պատկերալիցն է «մեղքի տոպրակ»ը, այսինքն՝ շատ մեղքեր գործած մարդ: Յարգելի ընթերցող, կ՛առաջարկեմ աւելի չքրքրել այդ տոպրակը, վախնալով, որ գարշելի մեղքեր անսպասելիօրէն յորդին անոր խորքերէն:
ԵՍ Ի՞ՆՉ «ՄԻԽԿ» ԳՈՐԾԵՑԻ
Ի՜նչ մեղք, որ հայ հեղինակը »մաքուր« հայերէնով գրեց բազմաթիւ պատմութիւններ: Երանի անոնք աւելի յաճախ եւ առատօրէն օգտագործէին գաւառացիի հարազատ լեզուն: Այն ժամանակ աւելի համեղ լեզու կը լսէինք, ու կը սորվէինք, թէ հայը Ալաշկերտի, Հաճընի եւ Մշոյ մէջ կը գործէր «մեխք», Թիֆլիսի մէջ՝ «միղ» եւ «միխկ», Մուսա լերան եւ Տիգրանակերտի մէջ՝ «միխք», Գորիսի եւ Արցախի մէջ՝ «մէխկ», իսկ Սեբաստիոյ եւ Պոլսոյ մէջ՝ «մէխք»: Շնորհակալ ենք թատերագիր Գաբրիէլ Սունդուկեանին, որ իր թատերախաղերը Կովկասի բարբառով գրեց. «Վա՛, միխկ չէ՞… խիղճ էրեխերքը միխկ ին… Խիղճ ախչկան միխկ չէ՞»:
718ՐԴ ՄԵՂՔԸ
Հայը, որ ազատ ու անտարբեր կ՛ապրէր լեռներու իր հեթանոս կեանքը, 301 թուականին բռնեց Աստուածաշունչ մատեանը ու տեսաւ, թէ գոյութիւն ունին մեղքեր, անհամա՛ր, պատժելի՛. գոյութիւն ունէր նոյնիսկ «սկզբնական» մեղք մը: Ան սարսափած շարունակեց ընթերցել Գիրքը ու տեսաւ եօթը մեղքեր, բոլո՛րը մահացու… բղջախոհութիւն, որկրամոլութիւն, ծուլութիւն, ագահութիւն, բարկութիւն, հպարտութիւն եւ նախանձ: Գիրքը խօսեցաւ նաեւ այսպէս. «Մեղք մեր բազմացան առաւե՛լ քան զգլուխս մեր», «Ցանկութիւնն յղացեալ՝զմեղս ծնանի, եւ մեղքն կատարեալ՝ զմահ ծնանին»: Սուրբ գիրքին մէջ յիշուած մեղքե՞րը… Վա՜յ ինձ, վա՜յ ինձ, զորն ասեմ, զորն խոստովանիմ, այնքա՜ն շատ են՝ 718 հատ: Ահա քանի մը զգայացունց օրինակներ՝ մեղք ձեռոց, մեղք մահաբեր, մեղք մահապարտութեան, մեղք բերանոյ, խորհրդոց, անձին իմոյ, անօրինաց, կամայ, ակամայ, իսկ վերջինը՝ «մեղք դստեր»:
ՏԻՐԱՄԱՅՐ, ՔԱՒԻՉ ՄԵՂԱՑ
450 թուականին, պատմահայր Մովսէս Խորենացին Սուրբ Մարիամ Աստուածածինին նուիրեց բանաստեղծութիւն մը ու անոր ապաւինեցաւ իբրեւ հովանի եւ մեղքերու քաւիչ. »Սիւն լուսոյ եւ ամպհովանի, սուրբ կոյս, / Անիծից լուծիչ եւ քաւիչ մեղաց«: 8րդ դարուն, բանաստեղծուհի եւ երաժշտուհի Սահակդուխտ Սիւնեցին իր անուան տառերով յօրինեց Աստուածամօր նուիրուած մեղեդի մը: Անոր վերջին տան՝ »Տ« տառին համար ազնուուհի Սիւնեցին ըսաւ. »Տո՛ւք զփառս ի բարձունս… / Եւ փրկեաց զարարածս ի մեղաց. / Օրհնեա՛լ ես դու ի կանայս, / Բերկրեալ տիրամայր եւ կո՛յս«: Իսկ ԺԱ. դարուն, Վանայ ծովու ափերուն, Գրիգոր Նարեկացին գրի առաւ «Տաղ Յայտնութեան» ստեղծագործութիւնը եւ մեզի սորվեցուց, թէ Տիրամայրը մեղքերու լուծիչ է. «Կոյս Մարիամ՝ տաճար բանին. / Աւետի՛ս տանն Ադամայ, / այսօր լուծան անէծք մեղացն»:
ՄԵՂԱՒՈՐ ԳՐԻՉԸ
Իր խուցին մէջ մատեաններ ընդօրինակող ճգնաւորը, ամէն անգամ, երբ գիրք մը աւարտէր, յիշատակարանի մէջ կը խօսէր իր անձին մասին, թէ որքա՜ն մեղաւոր եւ անարժան մարդ է ինք. «Ով անձն իմ եղկելի, զամէն կեցար մեղօք իլի (լեցուն)»՝ Հեթում գրիչ, 1297, «Մեղօք իլի Ստեփանոս գրիչս յիշեայ»՝ Ստեփանոս գրիչ, 1484, «Ես Յովասափ մեղօք ի լի. / Չգործեցի մաս մի բարի»՝ ծաղկող եւ գրիչ Յովասափ սարկաւագ Սեբաստացի, 1535, «զՏառապեալ գրողս զանպիտան Յակոբս, որ եմ մեղօք ի լի»՝ պատմիչ, ժամանակագիր, աշխարհագրագէտ Յակոբ Կարնեցի, 1639: Ընդօրինակուած մատեանը յաճախ կ՛ունենար «գրառաջք», այսինքն՝ նամակի, թուղթի (կարճ նամակ), կոնդակի, հրովարտակի նախաբան-սկսուածք, որ ուղղուած կ՛ըլլար պատուիրողին կամ ստացողին եւ կը գրուէր այնպէս, որ գրիչը ինքզինք աւելի ցած կը դասէր՝ գովերգելով հասցէատէրը: Ահա՛ «մեղաւոր» ձեռագիրի մը օրինակը. «Ես անարժան, / Մեղօք լցեալ եմ զանազան, / Զերդ նաւ ի ծովն ալեկոծման»:
ՄԵ՞ՂՔ Է ՍԻՐԵԼ
Միջնադարու հայ տաղասացը երգեց աշխարհաբար լեզուով, սիրեց աշխարհը, գարունը, իր եարը, վերակենդանացած բնութիւնը եւ երկրային կեանքի բարիքները: Այդ երգիչներէն Ղարիպ Մկրտիչը ի՜նչ խօսքեր հիւսեց իր եարին համար… Ահա, Մայիս ամսուան մէջ գրած իր երկարաշունչ գովասանքէն քանի մը զմայլելի տողիկներ. «Վարդ ու մանուշակ դու անուշահոտ / Խելքս կու տանիս / Երեսդ լուս կու տայ / Խնծոր ես / Կու փայլիս ներքեւ տերեւին / Ծառայ լինիմ, ա՛ռ դու զիս զգերիս ի մէջ (ներեցէ՛ք խօսքս) ծծերուդ / Հոգի՛, ծոցդ գզած բամբակ, ճերմակ, քնքուշ է / Լեզուդ անուշ է»: Ղարիպ Մկրտիչի (եւ իր սիրածին) համար «մեղք» բառը սիրային զրոյցի մեղմ եւ անմեղ մէկ մասնիկն էր: Այդ պատճառով, տաղասացը ըսաւ. «Դու մի՛ մեռնիր, մեղք ես, մեռնիմ քեզ համար… Աջապ ես քեզի մեղքդ չե՞մ ի գար, երբ կանանչիդ վրայ կարմիրդ հագար»: Բայց հայ տաղասացը, չես գիտեր ինչո՛ւ, ծերութեան տարիներուն, կարծեց եւ հաւատաց, որ մեղք էր սիրելը… ինք մեղքերով լեցուած է ու դարձած՝ իր խօսքով՝ «աղտո՛տ մեղաւոր» մը, եւ ի՜նչ մեղք, ան հրաժարեցաւ իր քնարէն ու յանցաւորի նման տրտմեցաւ. «Աղտեղացայ մեղօք լցեալ աշխարհի»՝ Ազարիա Ջուղայեցի, «Ծերացար եւ ի դուռն մահու հասար… / Աղտեղի մեղօք լցեալ Յակոբ»՝ Յակոբ Թոխաթցի, «Վաղն դժոխքն է ինձ ի դէպ, որ եմ լցեալ մեղօք անդէպ»՝ Քոթան Խլաթեցի: Իսկ Թորոս Պոլսեցին, խոնարհած զղջաց. «Ես Թորոս մեղօք լցեալ, / Ելեալ Սեբաստիա եկեալ, / Դատարկ անուն արժանացեալ, / Գործոց բարեաց թափուր մնացեալ«: Աւետիք վարդապետ Եւդոկացին գրեց հետեւեալ ինքնաքննադատութիւնը. »Անիրաւ միտք եւ անպիտան մարմին իմ / Թուլացան բարեաց, որ դիզացան մեղք իմ»: Ապա Նաղաշ Յովնաթան տաղասացը, նախորդը եւ աւագը Սայաթ Նովայի, մեղմաբար ըսաւ, թէ արցունքը կը մաքրէ բոլոր մեղքերը. «Նիստ, քո մեղքերդ լաց, Նաղա՛շ Յովնաթան, / Աշխարհս անցաւոր է, չէ՛ մնացական«:

ԿԸ ԽՐԱՏԵՆՔ ՉՄԵՂԱՆՉԵԼ
Աշուղը ժողովուրդ դաստիարակող մարդ է: Հետեւաբար, իր պարտականութիւնն է բոլորին խրատել մեղքերէ հեռու մնալ: 1300 թուականին, Ֆրիկը խոստովանեցաւ, որ աձրեւի կաթիլներու չափ մեղք ունէր. «Կու տիրէ առ իս շատ մեղք զինչ անձրեւն»: Ապա, բոլորիս տուաւ երկու խրատ, որպէսզի մենք ալ չթրջուինք իրեն նման. «Մարդի՛կ, մի՛ անհոգ կենաք, զձեր մեղաց աղտն լուացէք… Ողորմեցէք աղքատաց ու նացմով (անոնց հետ) զմեղքն քաւեցէք»: 16-17րդ դարերու հայ տաղերգու Ազարիա Ջուղայեցին բացատրեց, թէ մենք շատ զգոյշ պէտք է ըլլանք, երբ գինիի սեղան նստինք. «Յորժամ որ դու գինի նստիս, շատ մի՛ խօսիր, / Զքո ընկերոջն աղէկն ասա, վատ մի՛ ասեր, / Զայլոց մեղք հրապարակաւ մի՛ բամբասեր»: Իսկ ի՞նչ կը պատահի, երբ մարդը չանսայ այդ խրատներուն: 1500 թուականին որդեկորոյս Աստուածատուրը դողդոջ ձեռքերով գրեց «Ողբ ի վերայ մանկանց» երկը, ու դժբախտ հայրը իր որդւոյն մահը ընկալեց իբրեւ երկնային պատիժ. «Էրէկ ես ուրախ էի, / միթէ տէր էի աշխարհիս, / Րոտեալ եմ մեղօք իլի, / առաւել քան զծովն աւազի»:
ՔԱՆԻ ՄԸ ՄԵՂԱՒՈՐ ԿԸ ՓՆՏՌՈՒԻ
Այսօր, Աւագ շաբթուան նախաշեմին, երբ կը պատրաստուինք մրմնջել մեր մեղքերը, եւ երբ հայրենիքի մէջ դեռ քանի մը մեղաւոր պէտք է՝ լուալու համար մօտիկ անցեալի քաղաքական եւ ռազմական մեղքերը, քրքրեցինք «մեղք» բառի առաջին հազարամեակի պատմութիւնը՝ 5րդ դարէն մինչեւ 1500 թուական: Յաջորդ յօդուածը, յարգելի ընթերցող, կը ծրագրեմ, որ ըլլայ Թէքէեաններու, Վարուժաններու եւ Տէրեաններու գործած քնարական մեղքերու խոստովանութիւնը: Հրաժեշտ տալէ առաջ, անշուշտ, կը փափաքիմ հայրենի մամուլին մէջ լոյս տեսած նպատակայարմար խորագիրներ մէջբերել. «Փաշինեան-Ալիեւ հերթական հանդիպումը չի կայնայ. ո՞վ է մեղաւոր», «Ո՞վ է մեղաւոր զօրամասի հրդեհի համար», «Ո՞ւմ են քաղաքացիները համարում Մարտի 1ի գլխաւոր մեղաւոր», «Պատերազմի պարտութեան մէջ մեղաւոր է Արցախի ԱԱԾն»:
ՉԱՓԱՒՈՐ ՄԵՂՔԸ
Մինչեւ մեր յաջորդ հանդիպումը, թող «Ինչքան որ ուժերս ներել, / Ներել եմ մեղքերդ» եւ «…Ո՞ւմ սուտ մեղքով ես մեղքդ հերքելու» տողերու հեղինակ՝ Պաքու քաղաքի «Խորհրդային Գրող» ամսագիրի գրական աշխատող, Կասպեան նաւատորմի նաւաստի Համօ Սահեանը ըլլայ մեր վերջին հիւրը ու պատմէ իր սիրածին մեղքերը՝ այժմ երգի վերածուած բանաստեղծութեան մէջ.
«Դու ուզեցիր, որ ինձ
Քո մեղքերով չափեմ
Ու մեղքի տակ մնամ,
Քո մեղքերի վրայ…»: