«Եթէ մենք ուզում ենք, որ Ադրբեջանն Արցախը հայաթափելու իր ծրագրերում չյաջողի, մենք ունենք մէկ ճանապարհ՝ սեղմել ատամներն ու առաջ գնալ», 29 Յունուարին Ստեփանակերտի զանազան թաղամասերու մէջ բնակչութեան հետ ունեցած իր հանդիպումներուն ընթացքին ըսաւ Արցախի պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան՝ շեշտելով.»Դա կարող ենք անել միայն համախմբուելու միջոցով»:
Ըստ Արցախի կառավարութեան՝ Վարդանեան խօսեցաւ այն մարտահրաւէրներուն եւ հարցերուն մասին, որոնց դէմ յանդիման կանգնած են պետութիւնը եւ ժողովուրդը Ատրպէյճանի շրջափակման պատճառով. ան նաեւ ներկայացուց շտապին կողմէ ճգնաժամային իրավիճակի մէջ հրատապ հարցերու լուծման, ապաշրջափակման ուղղութեամբ զանազան ոլորտներու ու ասպարէզներու մէջ կատարուող աշխատանքները:
Հանդիպումներուն մասնակցողները վստահեցուցին, որ «ոչ մի շրջափակում չի կարող կոտրել հայրենի հողում իրենց արժանապատիւ կեանքը շարունակելու հաստատակամութիւնը«:
Վարդանեան նախորդ շաբաթ այցելեց Ասկերանի շրջանը, հանդիպում ունեցաւ բնակիչներուն հետ եւ հաստատեց, որ բոլոր միջոցներով աշխատանք կը տարուի ապաշրջափակման ուղղութեամբ:
Ասոր զուգահեռ, 30 Յունուարին, Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին (ԿԽՄԿ) միջնորդութեամբ 19 անձեր Լաչինի միջանցքով Արցախէն տեղափոխուեցան Հայաստան՝ ընտանիքներուն վերամիանալու համար: «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, այս մասին յայտնեց Արցախի մէջ ԿԽՄԿի առաքելութեան հասարակութեան հետ կապերու պատասխանատու Էթերի Մուսայէլեան:
Թէեւ այսօր շուրջ 2 տասնեակ անձեր կարելիութիւն ունեցան միանալու իրենց ընտանիքներուն, սակայն տասնեակ այլ անձեր Արցախի եւ Հայաստանի մէջ կը շարունակեն բաժնուած մնալ:
Հայաստանէն Արցախ հասնող կազի դադրեցման պատճառով, արաւել քան մէկ շաբաթէ ի վեր իրենց դռները փակած Արցախի դպրոցները 30 Յունուարին վերսկսան դասաւանդութեան:
29 Յունուարին, կազի մատակարարումը թէեւ վերսկսաւ, սակայն չեն դադրած հոսանքի անջատումները: Տեղական ելեկտրականութիւնը չի բաւեր Արցախի բնակիչները 24 ժամ հոսանքով ապահովելու համար, հետեւաբար Արցախի մէջ ելեկտրականութիւն կայ օրական միայն 18 ժամ, անիկա կ՛ընդհատուի օրական 3 անգամ՝ 2ական ժամով:
30 Յունուարին հաղորդագրութիւն տարածեցին նաեւ ռուս խաղաղապահները՝ յայտնելով, որ ատրպէյճանական կողմին հետ համաձայնութեան իբրեւ արդիւնք Արցախէն Հայաստան տեղափոխուած են Ռուսիոյ 44 քաղաքացիներ:
Բրիտանական Start բարեսիրական հիմնադրամը 350 հազար փաունտ յատկացուց՝ Լաչինի միջանցքի շրջափակումէն տուժածներու աջակցութեան համար:
Այս մասին յայտնեց Մեծն Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարի ներկայացուցիչ Տէյվիտ Ռատլին, որուն խօսքերը «Ֆէյսպուք»ի պաշտօնական էջին վրայ հրապարակեց Միացեալ Թագաւորութեան Հայ Դատի յանձնախումբը (ANC UK):
«Start հիմնադրամը, զոր կը ղեկավարէ Start Network-ը, Մեծ Բրիտանիոյ մէջ գործող բարեսիրական կազմակերպութիւն է, որուն մեծ նուիրատուն Մեծն Բրիտանիան է», կ՛ըսուի վերոնշեալ գրութեան մէջ։