Ատրպէյճանէն ետք պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող ԵԱՀԿի գործող նախագահ, Հիւսիսային Մակեդոնիոյ արտաքին գործոց նախարար Պույար Օսմանի Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին շեշտեց հետեւեալը. «Մենք պիտի օգնենք բոլոր կողմերուն՝ օգտագործելու բանակցութիւններու սեղանը եւ ոչ թէ մարտի դաշտը»:
Ան ընդգծեց, որ այսօրուան անորոշութեան դարաշրջանին, ինք՝ իբրեւ ԵԱՀԿի գործող նախագահ, պատրաստ է ներդրելու իր բոլոր ջանքերը տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ուղիներ գտնելու համար։ «Մենք կը ձգտինք խաղաղ, համապարփակ եւ կայուն լուծման բոլոր այն անհամաձայնութիւններուն, որոնք կը մտահոգեն հայերը եւ ատրպէյճանցիները: Եւ ես կը շարունակեմ քաջալերել բոլոր կողմերը՝ հիմնուիլ երկխօսութիւններու եւ բանակցութիւններու վրայ, եւ ոչ թէ ուժի եւ հարկադրութեան: Կը քաջալերեմ՝ անդրադառնալ այնպիսի յոյժ կարեւոր թեմաներու, ինչպէս՝ սահմանագծումը եւ սահմանազատումը, ինչպէս նաեւ հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման: Իբրեւ ԵԱՀԿի նախագահ, ես կը սատարեմ բոլոր այն ջանքերուն, որոնք պիտի հասցնեն խաղաղութեան, եւ բոլոր այն նախաձեռնութիւններուն, որոնք պիտի դիւրացնեն երկխօսութիւնը, պիտի նուազեցնեն լարուածութիւնը եւ պիտի խթանեն վստահութիւնը», ըսաւ Օսմանի:
Նշենք, որ օր մը առաջ, Պաքուի մէջ, Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն հետ հանդիպումին ընթացքին ան չ՛անդրադարձաւ Լաչինի միջանցքին: Սակայն նախորդ օրը, Վրաստանի մէջ ան այցելեց Հարաւային Օսեթիոյ հետ շփման գիծի մօտակայքը գտնուող Օձիսի անցակէտը եւ անընդունելի նկատեց, որ 21րդ դարուն »բաժանարար պատ« գոյութիւն ունենայ, մտահոգութիւն յայտնելով, որ մարդոց տեղաշարժի ազատութիւնը ամբողջութեամբ արգելափակուած է, եւ հարազատները բաժնուած են:
Երեւանի մէջ, «Ազատութեան» լրագրողը Օսմանին յիշեցուց, որ 120 հազար արցախցիներ փաստօրէն նոյն վիճակին մէջ են, որովհետեւ Ատրպէյճան փակած է աշխարհին կապող միակ ճամբան: «ԵԱՀԿը ի՞նչ յանձնարարութեամբ կը պատրաստուի վերականգնելու արցախցիներուն ոտնահարուած իրաւունքներուն» հարցումին իբրեւ պատասխան՝ Օսմանի ըսաւ. «Օգնել մարդոց՝ տեղւոյն վրայ հաշտեցում բերելով: Մենք կ՛ուզենք մարդակեդրոն համանախագահութիւն ունենալ, մարդիկ մօտեցնել, վերացնել անոնց ցաւը եւ բեռը: Ես կը հասկնամ ձեր հարցումին մէջ դուք ի՛նչ նկատի ունիք Լաչինի միջանցքին վերաբերեալ: Բայց ես այս տարուան 1 Յունուարէն ստանձնած եմ այս պաշտօնը, եւ իմ առաջին գործողութիւնս՝ իբրեւ նախագահ, առաջին իսկ օրերուն եղած է հեռաձայնել նախարար Արարատին՝ Լաչինի միջանցքին գծով: Յետոյ մենք կազմակերպեցինք յանձնաժողովի հանդիպում Վիեննայի մէջ, ուր հրաւիրեցինք նախարար Միրզոյեանը՝ լսելու իր տեսակէտը Լաչինի միջանցքին մասին: Եւ երրորդը, ես երէկ Պաքուի մէջ այս հարցը բարձրացուցի այլ մարդասիրական հարցերու կողքին: Այսօր եւս այս հարցին պիտի անդրադառնամ՝ հասկնալու համար, արդեօք կա՞յ կամուրջներու կառուցման հնարաւորութիւն այս երկու երկիրներուն միջեւ»:
«ԵԱՀԿ գործող նախագահի այցը Հայաստան լաւ հնարավարութիւն է քննարկելու տարածաշրջանում առկայ խնդիրները, ընդգծելու ԵԱՀԿ դերը, ներգրաւուածութեան հնարաւորութիւնը: Այսօր ԵԱՀԿն կանգնած է լրջագոյն մարտահրաւէրների առաջ: Այդ մարտահրաւէրները պահանջում են բոլոր մասնակից պետութիւնների կողմից ԵԱՀԿ պատասխանատուութեան գօտում կազմակերպութեան գործիքակազմի բոլոր մեխանիզմների (գործիքակազմերու) կիրառմամբ առկայ խնդիրների հասցէագրում եւ դրանց վերաբերեալ յստակ դիրքորոշումների արտայայտում առանց ընտրողականութեան, քաղաքական նախապատուութիւնների եւ աշխարհաքաղաքական առաջնահերթութիւնների», իր կարգին յայտարարեց նախարար Միրզոյեան:
Սահմանի հսկողութիւնը սահմանապահ ծառայութեան յանձնելը, ըստ Միրզոյեանի, էականօրէն պիտի նուազեցնէ հետագայ նոր հակամարտութիւնները, որոնց կարգին՝ Հայաստանի տարածքը ատրպէյճանական նոր ներխուժումներու հաւանականութիւնը:
Ան ընդգծեց, որ այժմ արդէն Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի որոշ հատուածներու մէջ կայ արդիւնաւէտ կերպով գործող գործիքակազմ։ «Ցաւօք սրտի, մենք գործ ունենք բազմաթիւ չլուծուած խնդիրների հետ: Ես նշեցի, որ մենք բանակցում ենք, օրինակ, էդ հարցը բանակցութիւնների մաս է, բայց նաեւ, բանակցութիւններին զուգահեռ, մենք տեսնում ենք, որ գետնի վրայ Ադրբեջանը շարունակում է իր անթաքոյց քաղաքականութիւնը ուժի գործադրման, եւ երբ որ գետնի վրայ ուժը չի կիրառում, մենք շարունակաբար լսում ենք ամենաբարձր մակարդակով այդ ուժի կիրառման սպառնալիքները, խաղաղ բնակչութեան, քաղաքացիական բնակչութեան ահաբեկումը: Եւ այս առաւելապաշտական, ագրեսիւ (յարձակողապաշտ) մօտեցումները դրսեւորւում են նաեւ մնացեալ շաղկապուած, փոխկապակցուած հարցերում, այդ թւում եւ զինուած ուժերը սահմանապահներով փոխարինելու, այդ թւում եւ բանակցութիւնների ընթացքում քննարկումներում»:
Ըստ Միրզոյեանի՝ բանակի փոխարինումը սահմանապահներով վերջնական կարգաւորումներու մաս պէտք է կազմէ:
Օսմանի Երեւանի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ քաղաքական գործիչներու եւ հասարակութեան ներկայացուցիչներու հետ:
Փաշինեան ե Օսմանի քննարկեցին տարածաշրջանային, Արցախի հակամարտութեան եւ Լաչինի միջանցքի փակման պատճառով Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամին, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանագծում իրականացնելուն վերաբերող հարցերի:
Փաշինեան կարեւոր նկատեց միջազգային հանրութեան կողմէ Ատրպէյճանի սադրիչ եւ ապակառուցողական գործողութիւններուն համարժէք ու հետեւողական արձագանգը:
Օսմանի իր կարգին ընդգծեց Հայաստանի հետ փոխգործակցութեան կարեւորութիւնը եւ աւելցուց, որ կազմակերպութեան նպատակն է՝ նպաստել տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան: