«Մեսրոպեան» ազգային վարժարանը իր հիմնադրութեան քառասուներկրորդ տարեշրջանի աւարտին, արդար հպարտութեամբ տուաւ իր հունձքը, Յունիս 26, 2007ի Շաբաթ յետմիջօրէին, դպրոցի շրջափակին մէջ։ Հանդիսութիւնը իրենց ներկայութեամբ պատուեցին Միւռոն Ծ. ծրդ. Ազնիկեան, Ս. Խաչ Մայր տաճարի հոգեւոր հովիւ Աշոտ քհնյ.Գամպուրեան, Հ.Յ.Դ. Մոնթեպելլոյի «Դրօ» կոմիտէի ներկայացուցիչ Նազարէթ Ծատուրեան, Ազգային վարչութեան, հոգաբարձութեան, Ուսումնական եւ Կրթական յանձնախումբի անդամներ, քոյր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, հիւրեր, ծնողներ եւ բազմաթիւ հանդիսականներ։
Նախ միջնակարգի աւարտականները հանդիսաւորապէս անցան իրենց յատկացուած տեղը, ապա նոյն տպաւորիչ մուտքով բեմ բարձրացան երկրորդական բաժնի շրջանաւարտները, մինչ ուսուցչական կազմն ու շքերթին մաս կազմող կրթական պատասխանատուները գրաւեցին իրենց վերապահուած աթոռները։
Ամերիկեան եւ հայկական քայլերգներէն ետք, ԺԲ. դասարանի դաստիարակ ուսուցչուհի Ռոզա Մատոյեան կատարեց բացման խօսքը եւ հրաւիրեց հայր սուրբը, որպէսզի իր աղօթքով պաշտօնապէս բանայ օրուան հանդիսութիւնը։
Աղօթքէն անմիջապէս ետք, Ռ. Մատոյեան ներկայացուց օրուան պատգամախօսը՝ Կրէկ Գրիգորեան, որ Կլէնտէյլ քաղաքի կրթաշրջանի նախագահն է։ Կրէկ Գրիգորեան շրջանաւարտ է Քէնէթիքէթի համալսարանէն, տնտեսագիտութեան ճիւղին մէջ։ Ան իր խօսքը ուղղեց աւարտականներուն եւ թելադրեց ծառայել դպրոցին եւ համայնքին, ապա յաջողութիւն մաղթեց շրջանաւարտներուն իրենց ապագայ ծրագիրները իրագործելու եւ նուիրուելու հանրային կեանքին։
Շրջանաւարտ կարգի ուղերձները փոխանցեցին valedictorian Սեւան Սիմոնեան եւ salutatorian Մարիա Գապայեան։ Անմիջապէս ետք, յայտագրին յաջորդ մասին մէջ նշուեցան աշակերտութեան արձանագրած ուսումնական փայլուն յաջողութիւնները եւ յայտարարուեցան այս տարի եւս կրթաթոշակ տրամադրող կազմակերպութիւնները։
Հ.Յ.Դ. «Դրօ» կոմիտէութեան կողմէ 500ական տոլար ստացան Սեւակ Գասպարեան, Արազ Հարպոյեան, Դալար Պոյաճեան եւ Յարութ Աշիքեան։
ՀՕՄի «Նայիրի» մասնաճիւղին կողմէ 500 տոլար ստացաւ Սեւան Սիմոնեան։
Ծնողաուսուցչական կազմին կողմէ 250 տոլար ստացաւ Դալար Պոյաճեան։
«Մեսրոպեան»ի շրջանաւարտից միութեան կողմէ 250 տոլար ստացան Ճան Ճապուրեան եւ Յարութ Աշիքեան։
Հայ կրթական հիմնադրութեան կողմէ 500 տոլար ստացաւ Սեւան Սիմոնեան:
«Չարլս Քէյեան» կրթաթոշակը ստացան Փաթիլ Մատոյեան, Մարիա Գապայեան, Սեւան Սիմոնեան եւ Սեւակ Գասպարեան։
Գեղեցիկ սովորութիւն մը դարձած է հանդէսի ընթացքին «Մեսրոպեան»ի դրօշը փոխանցել յաջորդ տարեշրջանի Աշակերտական մարմինի նախագահին։ Յուզիչ եղաւ այդ պահը, երբ աւարտական դասարանին կողմէ Դալար Պոյաճեան իր հրաժեշտի բովանդակալից խօսքէն ետք, վարժարանի դրօշը յանձնեց յառաջիկայ ԺԲ. կարգի աշակերտներէն Հայկ Սիրանոսեանին, որ նորընտիր ատենապետն է
յաջորդ տարեշրջանի Աշակերտական մարմինին։
Ռ. Մատոյեան յաջորդաբար բեմ հրաւիրեց միջնակարգ բաժնի աշակերտները, որոնք վկայուեցան տնօրէնուհի Հիլտա Սալիպայի ձեռամբ։
Աւարտական կարգի աշակերտներուն վկայուելէն առաջ, տնօրէնուհի Սալիպա իրենց փոխանցեց վերջին պատգամը, յաջողութիւն մաղթեց շրջանաւարտներուն եւ ընդգծեց. «Կեանքի ճամբորդութեան աւարտին միայն ենթակայական ոլորտի արժէքներն են, որոնք կը մնան մարդ արարածի յիշատակին հետ։ Կեանքի բոլոր առարկայական գործօնները կը դառնան անհեթեթ ու անարժէք։ Առարկայապաշտ եւ նիւթապաշտ մարդկային ընկերութեան մէջ, մեր ճիգերը իրենց արժանի գնահատականը կը գտնեն այն ատեն, երբ դուք ձեր ընթացքով եւ ապրելաոճով կը նպաստէք մարդկութեան եւ մասնաւորապէս հայութեան։ Ուսումն ու զարգացումը այն կռուաններն են, որոնք կը նպաստեն ձեր մէջ զարգացնելու վերոնշեալ արժէքները»։ Տնօրէնուհի Հիլտա Սալիպայի խօսակցութիւնը խոր ազդեցութիւն եւ տպաւորութիւն գործեց բոլոր աշակերտներուն եւ ներկաներուն վրայ, քանզի անոնք սրտաբուխ մաղթանքներն էին կրթական մշակի մը, որ կը ցանկար լաւագոյն արժէքներով ամրապնդել իր սաներուն բարոյական վերելքը։
Տնօրէնուհիին պատգամէն ետք, բեմ հրաւիրուեցաւ վարժարանիս վաստակաւոր ուսուցչուհի Պարպարա Պրիոնէս, որ 23 տարուան ծառայութենէ ետք կը պատրաստուի հանգստեան կոչուելու: Առ ի գնահատանք իր վաստակին, տնօրէնուհին զայն պարգեւատրեց յուշատախտակով մը։
Յայտագրի վերջին բաժնին մէջ, Ռ. Մատոյեան ներկայացուց շրջանաւարտները, որոնք իրենց վկայականը ստացան եւ առաջին քայլը առին դէպի ապագայ։ «Մեսրոպեան»ի տնօրէնութիւնը եւ ուսուցչական կազմը բոլորին կը մաղթեն յաջողութիւն եւ երջանկութիւն, թող իրենց առջեւ բացուող բոլոր ճամբաները լուսաւոր եւ ողորկ ըլլան։
(Թղթակցութիւնը Վարժարանէն)