Երբ հանրածանօթ արուեստագէտի կամ գրողի մը դիմանկարը կը փորձես կերտել, եւ երբ խնդրոյ առարկայ այդ անձը մօտիկ բարեկամ է, ընդհանրապէս անհարկի մտահոգութիւններու եւ խուճապի կը մատնուիս: Չափի զգացումի պահպանումը, առարկայական մնալու ճիգը եւ «կայսեր վերադարձնելու՝ ինչ որ կայսեր կը պարտիս…»ը երբեմն գրիչդ կ’ամլացնեն:
Սակայն, երբ գործդ անուրանալի տաղանդով օժտուած արուեստագէտի մը հետ է, անհատական գետնի վրայ քու բարեկամութիւնդ ու մտերմութիւնդ անոր հետ քեզի աւելորդ բաղկացուցիչներ ու տարածք կը բերէ, կարենալ աւելի խորը պեղելու ենթակային ներաշխարհը, ծանօթանալու անոր հոգեկան տագնապումներուն, լոյս աշխարհ բերելու ցարդ հանրութենէն քօղարկուած անոր գաղտնի իղձերը, ծրագիրներն ու երազները:
Այս տարուայ Հոկտեմբերին վերջերը, Հայաստան—Ֆրանսա մշակութային օրուան ծրագրի շրջանակէն ներս, ֆրանսացի հանրածանօթ թատերագիր Էրիք—Էմմանուէլ Շմիտի «Ամուսնական փոքրիկ գաղտնիքներ» փիէսը բեմադրուեցաւ Սունդուկեանի անուան թատրոնի մէջ, խաղարկութեամբ միջազգային ճանաչման արժանացած անուանի դերասանուհի Անահիտ Թոփչեանի եւ նոյնպէս յայտնի դերասան՝ Աշոտ Ադամեանի:
Սոյն փիէսին ֆրանսերէնէ հայերէն թարգմանութիւնը կատարած է շնորհալի դերասանուհին, որուն գրական բեղուն գործունէութեան անդրադարձած էինք պատմուածքներու անոր առջինեկ հատորի հրատարակութեան առիթով:
Հայաստանեան թերթերէն քաղելով մեր տեղեկութիւնները, Անահիտին թարգմանութեամբ ու խաղարկութեամբ արդիական խոհափիլիսոփայական այդ փիէսին երեւանեան ներկայացումը, սիրուած դերասանուհիին 16 տարուան բացակայութենէ մը ետք հայրենի բեմէն յայտնուիլը բաւական մեծ խանդավառութիւն ստեղծած է արուեստասէր հասարակութեան մօտ եւ փոխարէնը, վստահ ենք, Անահիտ Թոփչեանը անչափ յուզումով եւ ստեղծագործական նոր աւիւնով լիցքաւորած:
Յայտնի դերասանուհիին հայրենի բեմ վերադառնալու երեւոյթն է մեզի համար ամէնէն յուզականը, ամէնէն յուսադրիչը: Փարիզեան իր 15 տարիներու փորձառութեան ընթացքին, արուեստագէտ եւ ստեղծագործ ամուսիններուն վիճակուեցաւ հայ գիրն ու արուեստը օտարին ծանօթացնելու առաքելութեամբ շարժուն դեսպաններ դառնալ: Եւ այդ մէկը, շատ յաճախ՝ հայ մշակոյթի համար բոլորովին խորթ ու անհիւրընկալ միջավայրի մէջ: Եւ տակաւին, անոնց յաջողուեցաւ լաւագոյնս օգտագործել ու արգասաւորել իրենց անխուսափելի, կամաւո՛ր «աքսորը»:
Հայաստան մեր վերջին այցելութեան, գրեթէ երկու տարի առաջ, դարձեալ հանդիպեցանք Ալեքսանդր եւ Անահիտ Թոփչեան արուեստագէտ զոյգին: Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեանին հետ, չորսով կէսօրուան ճաշի նստեցանք:
Փարիզ մշտական բնակութիւն հաստատած ըլլալով հանդերձ, Թոփչեանները իրենց պորտի կապը երբեք չխզեցին հայրենի իրականութեան հետ եւ տարին քանի մը ամիս, անպայման, հայրենիք այցելելով՝ գրական հրատարակչական բուռն գործունէութեան լծուեցան:
Հերթական այդ այցելութիւններէն մէկուն զուգադիպեցաւ մեր այդ հանդիպումը: Սրատես փիլիսոփայ ըլլալու պէտքը չկար նկատելու, թէ հէգ արուեստագիտուհին ինչքան կը տառապէր օտարութեան մէջ եւ ինչպիսի ափսոսանքով կը փնտռէր հայրենի հողին ջերմութիւնը եւ իր բեմական շնորհներուն վրայ հիացող արուեստասէր զանգուածները: Փողոցը, պարզ մարդիկ, երիտասարդ ու հասուն տարիքի, յաճախ կը կանգնեցնէին մեզ՝ Անահիտին հետ հիացական կամ կարօտի քանի մը խօսք փոխանակելու, երբեմն, կու գային անոր ձեռքը սեղմելու այտերը համբուրելու, կամ ծաղիկ նուիրելու հայ բեմի տաղանդաւոր ներկայացուցիչին: Եւ մեր Անահիտը այդ պահերուն կը վերանար, կ’երիտասարդանար ու կը վերագտնէր իր հին օրերու անհո՛գ ու կենսայորդ ժպիտը…
Օր մը, ի տես այսպիսի տեսարանի մը, քովս կանգնած Ալեքսանդրին ինքնաբուխ մղումով մը հարց տուի. «Մինչեւ ե՞րբ այս աղջիկը պատժելով պիտի քաշքշես ու Փարիզ տանիս, տե՛ս այստեղ ինչպէս լիաթոք կը շնչէ, եւ որքան երջանիկ է…
Եւ վերջապէս հասունացման անխուսափելի շրջանը բոլորեցաւ վերադարձի նպատակայարմար պահը որոշելու…
Թէ երեւանեան հայ մամուլին ներկայացուցիչները ի՛նչ կը գրեն արուեստի իրենց բաժնին մէջ:
«Գրական թերթ», «Երկիր», «Հայաստանի Հանրապետութիւն», «Ազգ», «Առաւօտ»… եւայլն, եւայլն:,
«Տասնվեց տարուայ ընդմիջումից յետոյ»,
«Դժուար ներկայացում եւ վերադարձ»,
«Անահիտ Թոփչեան կրկին հայաստանեան բեմի վրայ», «Փոքրիկ ոճիրներ մեծ բեմում…»
Եւ ասոնց նման ցնցիչ խորագիրներով անոնք ողջունեցին սիրուած դերասանուհիին երեւանեան ելոյթն ու ժամանակաւոր աքսորէն, թատրոնի ճամբով հայրենի բեմ անոր վերադա՛րձը:
Այս բոլորին մէջ ամէնէն յուզիչը, ուշագրաւն ու քաջալերականը հոն է, որ տաղանդաշատ դերասանուհին, փոխանակ փարիզեան խստաշունչ կլիմային տակ խամրելու, ներքին իր կրակէն ու հրայրքէն պարպուելու՝ իր գրական շնորհները բացայայտեց պատմուածքներու բաւական լուրջ հատորով մը հանդէս գալով, ուր հասուն արձակագիրի ինքնուրոյն ոճ կը դրսեւորէր:
Անահիտին բիւր երկրպագուներու հետ կը մաղթենք, որ անոր Սունդուկեանական յաջող ելոյթը իբրեւ մեկնակէտ ու «քաթալիստ» ծառայէ, նորանոր խիզախումներու եւ մօտաւոր ապագային՝ մշտական վերադարձի մը խոստումին:
Հայրենիքը իր տաղանդաւոր զաւակներուն առջեւ անպայման պիտի բանայ իր կենսատու, կարօտակէզ թեւերը…
Դեկտեմբեր 9, 2006