ՎԱՀԷ ԺԱՄԱԳՈՐԾԵԱՆ

Այո, ոչ եւս է, Զարեհ Սափսըզեանը: Դասընկերս, միութենականը, մարզիկը, մարաշցին, քրոնիկագիրը ինչպէս նաեւ իւրայատուկ ընկերային սիրալիր բնաւորութեամբ, բոլորին նուիրուած եւ բոլորին հետ կիսուող մեր Զարեհը: Կը փորձեմ կարօտի արահետներով վերյիշել վեց տասնամեակ առաջ, Հալէպի Քարէն Եփփէ ազգային ճեմարանը, երբ նորեկ ուսանողով մը կը համալրուէր մեր դասարանը: Ան կու գար Հայ Աւետարանական Էմանուէլ վարժարանէն եւ կարճ ժամանակամիջոցը բաւական էր, որպէսզի, շնորհիւ ընկերային իր յախուռն նկարագիրին ինչպէս նաեւ մարզական ձիրքերուն, դառնար ոչ միայն դասընկերներուն այլեւ բովանդակ ճեմարանականներու ընկերը. անոնց ալ՝ մեր Զարեհը։
Ան այսօր ՛66ի Շրջանաւարտներու յիշողութեան մէջ կը մնայ, դասարանային առօրեայէն վեր եւ յատուկ շրջահայեցութեամբ սակաւախօս բայց եւ սրամտօրէն արդարութեան ջատագովն ու սխալին դէմ անզիջող արդարամիտ հայորդին:
Զգալի համեստութիւն եւ որոշակի զսպուածութիւն կար մարզիկի իր վարքագծին մէջ: Կը յիշեմ երբ պասքէթպոլի մրցումներուն հերթական կողովը նշանակելէ ետք, չունէր իր եսը արտայայտող շարժում կամ կեցուածք, այլեւ իր մեղմ ժպիտին մէջ կարելի էր գտնել խմբակից ընկերներուն հետ յաղթանակած ՄԵՆՔը:
Ճեմարանականի իր օրերուն էր, որ թրծուեցաւ նաեւ Զարեհի ՀՄԸՄականի կամքը, նոր ասպարէզ մը բանալով Հալէպի եւ յետագային նաեւ Պէյրութի ՀՄԸՄի պասքէթպոլի խումբերով ելոյթ ունենալու բազմաթիւ մրցումներու։ Մարզական այս հանգրուաններուն իր հետ էր նաեւ իր եղբայրը՝ Ռաֆֆին:
Տարիներու ընթացքով Զարեհը կը գտնուէր Այնճար հայաւանը, իբրեւ կրթական մշակ, ուր Հայ Աւետարանական համայնքի վարժարանը ընդունեց զինք իբրեւ ուսուցիչ եւ կարճ ժամանակ անց, դարձաւ՝ մեր Զարեհը:
1978ին տեղափոխուելով Միացեալ Նահանգներ, թէեւ արագ քայլ պահեց ամերիկեան առօրեային եւ կենցաղին հետ, սակայն իր սրտի խորքը Արարատ մը ունէր պահպանուած, որմէ իսկ ներշնչուած ան շռայլօրէն կը բաժնէր իր կարօտը մայրենիին, ազգագրականին եւ վերջապէս ծնողներու բնօրրանին նկատմամբ: Հոն էր Զարեհը նոր շունչ եւ աւիշ ներարկելով շրջանի Մարաշի հայրենակցականի հաւաքներուն եւ ցանելով սերմերը հայրենի կորուսեալ շէներուն ազգագրական հարուստ մշակութային աւանդին, դառնալով նաեւ իրենց՝ մեր Զարեհը:
Հայ գրականութիւնը իր ընդհանրութեան մէջ Զարեհի տարերքն էր: Ան Օրէնճ Քաունթիի իր կեանքի վերջին երկու տասնամեակներուն եղաւ եւ գերազանցապէս մնաց հայ գիրին եւ դպրութեան նուիրեալներէն: Հայ մշակոյթը իր տարերքն էր եւ հարազատի մը թելադրանքը զինք առաջնորդեց Համազգայինի Օրէնճ Քաունթիի «Սիամանթօ» մասնաճիւղի վարչութիւն: Հոս եւս Զարեհը մնաց հայ մշակոյթի ակունքներուն հաւատարիմ զինուորը պատնէշի վրայ աւելի քան մէկուկէս տասնամեակ վարելով վարչութեան ատենապետի պաշտօնը: Վարչական իր ընկերներուն վկայութիւնները բաւական խօսուն կերպով կը բնորոշեն մշակութային որակեալ ձեռնարկներու հետամուտ, մտաւորական խառնուածքով, հաճելիօրէն սրամիտ ժողովական կազմակերպիչը, որ վարչական պատասխանատուութեանց կողքին, հանդէս կու գար, հայ մամուլի էջերով ներկայացնելու Սփիւռքի եւ հայրենիքի հայ կեանքը յուզող եւ յուսադրող երեւոյթներու մասին, իւրայատուկ ոճով, հարց եւ պատասխանի տարազով:
Համազգայինի մշակութային ձեռնարկի մը բացման խօսքն իսկ բաւական էր, որ Զարեհը իր լակոնական ոճով, սրամտօրէն համեմուած խօսքով, օրուան ձեռնարկին յաջողութեանը նպաստող մթնոլորտ ստեղծէր, յամենալով մնալ համազգայնականներու մեր Զարեհը:
Եղբօրը՝ Ռաֆֆիին հետ շրջանին մէջ հաստատած սրճարան-ճաշարանը առօրեայ գործունէութեան կողքին, յաճախ իր հիւրասէր դռները կը բանար ընդունելու Սփիւռքէն կամ հայրենիքէն ժամանած գրողներ կամ արուեստագէտներ: Այսպիսի հանդիպումներու ընթացքին Զարեհը կարծես կերպարանափոխուած, հայութեամբ եւ արուեստով ոգեշնչուած, ըսելիք ունէր իւրաքանչիւր արձակ կամ չափածոյ երկի, ֆիլմի, թատրոնի, անհատ արուեստագէտներու մասին, կատարեալ հարազատութեամբ եւ մտերմութեամբ: Ահա այսպիսին էր մեր Զարեհը:
Եղբօրը Ժանին հետ դէպի Հայաստան ուղեւորութիւնը ուխտագնացութենէ մը աւելին էր: Մինչ այդ Զարեհ աչքերը փակ «տեսած էր» հայրենի իւրաքանչիւր տեսարժան վայր կամ «լսած էր» երգի կամ ասմունքի գեղարուեստական ներկայացումը:
Հոս եւս ան եղաւ հաւաքական այն կերպարը, որ ի տես օտարամուտ խութերուն կամ առօրեայ ճղճիմ երեւոյթներուն, մնաց գերազանցապէս բարձր նման այն յանձնառու սփիւռքահայուն, որ գիտէ ազգային հիմնարար արժէքներուն ջատագովը ըլլալ եւ ազգասիրական անսակարկ գործունէութեամբ պահել, պահպանել իրեն վստահուած մշակութային, միութենական, հայրենակցական աւանդը:
Ահա թէ ուր է բացատրութիւնը, Զարեհի հարազատներուն կողմէ կազմակերպուած հաւաքին եղած համընդհանուր այն վերաբերմունքին, որուն ականատեսը եղանք սգակիր արենակիցներով. հոս եւս հաստատելով համայնական մեր երախտագիտութիւնը ազգին եւ հայրենիքին ծառայութեան նուիրուած մեր Զարեհին:
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի: