ՆԱՅԻՐԻ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ-ՏԱՂԼԵԱՆ
Անցէ՛ք հպարտ, անցէք խրոխտ ու ժպտուն,
Դուք ժառանգներ մեր փառապանծ անցեալին,
Ձեզմով հիմա ձեր շարքերուն հետ եռուն,
Կը տողանցէ երազն անմահ հայ ցեղին։
Մ. ԻՇԽԱՆ
Մեր պետականութեան ամրապնդման երաշխիքը հանդիսացող հայոց բանակը 15 տարեկան է։ Հայոց բանակի ծնունդը՝ թշնամիներով պատուած մեր երկրի համար մեծ երեւոյթ էր։
Հայոց բանակի սաղմերը գոյացան 1988 թուականի Փետրուարին, երբ սկիզբ առաւ արցախեան ազատագրական շարժումը եւ Արցախի բնակչութեան ռազմական անվտանգութեան ապահովումը դարձաւ հրատապ. այդ ժամանակաշրջանին հայ հասարակութեան մտածողութեան մէջ հասունցած էր այն գիտակցութիւնը, որ միայն սեփական զինուած ուժերը կրնան ապահովել հայ ժողովուրդի ու պետութեան անվտանգութիւնը։ 80 կամաւորական ջոկատները, որոնք զէնք ու զինամթերք հայթայթելով ինքնակամ կը նուիրուէին հայրենիքի պաշտպանութեան սուրբ գործին՝ հայոց բանակի սաղմերն էին։
Անկախութեան հռչակագիրը իրաւական ու գործնական նոր հեռանկարներ բացաւ ազգային բանակ ստեղծելու առումով. նոյն տարուան Սեպտեմբերին կազմուեցաւ Երեւանի յատուկ գունդը, ինչպէս նաեւ Արարատի, Գորիսի, Վարդենիսի, Իջեւանի եւ Մեղրիի մէջ տեղաւորուեցան վաշտեր։
1992 թուականի Յունուար 28ին, կառավարութիւնը ընդունեց ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մասին պատմական որոշում՝ իրաւականօրէն ազդարարելով հայոց ազգային բանակի ստեղծումը. հիմնուեցաւ պաշտպանութեան նախարարութեան կեդրոնական մարմինը իր վարչութիւններով ու առանձին բաժիններով։
1992 թուականի Մայիսին պաշտպանութեան նախարարութիւնը սկսաւ իր առաջին զօրակոչը հանրապետութեան տարածքէն ներս եւ հիմք դրաւ այդ կայուն աւանդոյթին։
1992 թուականին սկիզբ դրուեցաւ խորհրդային զօրքի Հայաստանի բաժնի կանոնաւոր պայմանագրային հիմքերով ստանալու գործընթացին, որուն շնորհիւ Հայաստանի մէջ մնաց ռուսական զօրքի մէկ մասը, որ հետագային վերակազմաւորուելով դարձաւ Հայաստանի անվտանգութեան կառոյցի բաղկացուցիչ մասը։
1992 թուականը բանակաշինութեան առումով շատ արդիւնաւէտ էր. իրաւական դաշտի օղակներուն զուգընթաց՝ ստեղծուեցան մասնագիտացուած զօրամասեր։
1992 թուականի Մայիսին ազատագրուեցաւ Շուշին, ապա Լաչինը։ 1993 թուականի Մարտին ազատագրուեցաւ Քելբաջարը, այդ ձեւով լուծուեցաւ հայոց բանակի ռազմավարական մեծ խնդիրներէն մէկը՝ հայկական ինքնապաշտպանութեան ուժերու գրոհները ազատագրեցին Աղդամը, Ֆիզուլին, Չապրայիլը, Ղուպաթլուն, Զանգելանը, եւ այդ ձեւով պաշտպանութեան բանակը հնարաւորութիւն ունեցաւ երկայնքով ձեւաւորել անվտանգութեան գօտին՝ Արցախի մեծ մասը զերծ պահելով հնարաւոր ռմբահարումներէն։
1994 թուականէն սկսեալ՝ հայոց բանակը ապրեցաւ կայուն զարգացման տարիներ, ամրապնդուեցաւ բանակի կարգապահութիւնն ու մարտունակութիւնը, կամաց-կամաց կը վերանայ բանակ-հասարակութիւն յարաբերութիւններու միջեւ գոյացած անջրպետը։
Բանակաշինութեան առկայ խնդիրներէն մէկը կատարելու պատրաստութիւնն է, անոր կը միտին ռազմաօդային ուսումնարանի, ռազմական ուսումնարանի, ռազմաբժշկական բաժնի հիմնադրումը, կը պատրաստուի ու կը վերապատրաստուի սպայական անձնակազմը, արտասահմանեան ռազմաուսումնարաններէն ներս։
Այսօր հայոց բանակը տարածաշրջանի մէջ զօրաւոր դիրքերու վրայ է, ան ողջ հայութեան պարծանքն է…
Nayirim@yahoo.com