ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Յունուար 10ին տեղի ունեցաւ Մարդկային զարգացման միջազգային կեդրոնի (ՄԶՄԿ) հրատարակած 6 գիրքերու շնորհահանդէսը: Այս գիրքերուն մէջ ամփոփուած են տարբեր ծրագիրներու շրջանակներով փորձագիտական խումբերու կողմէ իրականացուած վերլուծումները, հետազօտութիւններու արդիւնքները, կեդրոնի կողմէ կազմակերպուած միջազգային համաժողովներու աշխատանքներու հաշուետուութիւնները:
ՄԶՄԿի գործադիր տնօրէն Թեւան Պօղոսեանի խօսքերով, կեդրոնի կողմէ հրատարակուած են նաեւ համառօտագրեր, որոնցմէ իւրաքանչիւրը սուր քննադատական լեզուով կ’անդրադառնայ թէժ հարցի մը եւ կ’առաջարկէ այդ հարցի վերաբերեալ այլընտրանքային լուծում: Ան նշեց նաեւ, որ այդ գիրքերը պիտի չվաճառուին, այլ բաժնուին բոլոր գրադարաններուն եւ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն:
Անդրադառնալով հրատարակուած գիրքերէն «Հայ-թուրքական հասարակական դիւանագիտութեան ծրագրեր. Լաւագոյն փորձի վերլուծութիւն» աշխատութեան, Թ. Պօղոսեան նշեց, որ ՄԶՄԿի փորձագէտները կարեւոր նկատած են իրականութիւնը եւ երեւոյթներու պատճառահետեւանքային կապերը: