ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ Նախագահի Մամլոյ Գրասենեակ, «Արմէնփրէս».- Նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան երէկ, Յուլիս 30ին ընդունեց Միացեալ Նահանգներու պետական փոխքարտուղարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով տեղակալ, ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ Մէթիու Պրայզան եւ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու գործերու հաւատարմատար, դեսպան Ռուտոլֆ Փերինան, անոնց հետ քննարկելով հարցերու լայն ծիր մը:
Հանդիպման ընթացքին քննուեցան նաեւ ղարաբաղեան հակամարտութեան բանակցութիւններու արդի փուլին առնչուող հարցեր:
Նոյն օրը Պրայզա հանդիպում ունեցաւ նաեւ ԱԺ նախագահ Տիգրան Թորոսեանի հետ:
ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ՆՊԱՏԱԿԸ
Պրայզա յայտնեց, որ իր այցը կեդրոնացած է երկկողմանի յարաբերութիւններու քննարկումին եւ նշեց, թէ նախագահ Քոչարեանին հետ քննուած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան, ուժանիւթի ապահովութեան, ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներուն, մամուլի ազատութեան, նաեւ անցեալ ընտրութիւններուն վերաբերող հարցեր:
«ԱՄՆ պետքարտուղարութիւնը մշտապէս հետաքրքրուած է հարաւային Կովկասի տարածաշրջանով, շատ ամերիկահայեր են ապրում ԱՄՆում, ովքեր խորը կապերով կապուած են իրենց ժառանգութեանը: Մենք ռազմավարական կարեւորութիւն ենք տալիս թուարկուած հարցերին, եւ այս այցը ամէնօրեայ գործերին է վերաբերում», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ աշխատած է նախագահ Ճորճ Պուշի աշխատակազմին մէջ եւ գիտէ, որ «ԱՄՆ նախագահը չի ցանկանում, որ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւնները լինեն լճացած, դրանք պէտք է լինեն առաւել բարձր մակարդակի»:
Ըստ Պրայզայի, աոահովական բնագաւառէն ներս հայ-ամերիկեան գործակցութեան հիմքերը պէտք է ամրապնդուին եւ աւելի հզօրանան, նոյնիսկ այն պարագային, երբ Հայաստան կը շարունակէ ջերմ եւ բարեկամական յարաբերութիւնները Ռուսիոյ հետ. «Մենք չենք ցանկանում, որ Հայաստանն ընտրութիւն կատարի Ռուսաստանի եւ եւրատլանտեան ընտանիքի միջեւ, Հայաստանը պէտք է ընտրի երկուսին միաժամանակ», ըսաւ Պրայզան:
Խօսելով Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի նշանակման հարցին մասին, ան նշեց, որ «Ծերակոյտն ինքը պէտք է որոշի՝ հաստատել դեսպան Հոկլընտի թեկնածութիւնը, թէ ոչ, յետոյ էլ նախագահը կ’որոշի ինչ անել այդ իրավիճակում» եւ նշեց, որ ցոյց տալու համար հայ-ամերիկեան յարաբերութիւներու կարեւորութիւնը, ԱՄՆը լաւագոյն դիւանագէտներէն մէկը՝ Ճօ Փենինկթընը ուղարկած է Հայաստան, իբրեւ փոխդեսպան եւ աւելցուց, որ դեսպանորդ Ռ. Փերինայի՝ տարածաշրջանի խոր ճանաչողութիւնը եւս օգտակար կ’ըլլայ:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԵՐ
Նոյն օրը Հայաստանի բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն հետ հանդիպումներու ընթացքին, Պրայզա քննեց Հայաստանի ուժանիւթի ապահովութեան առնչուող հարցեր եւ թէ Միացեալ Նահանգները ինչպէս կրնայ աջակցիլ Հայաստանին՝ ուժանիւթի աղբիւրներու այլազանութեան խնդիրներուն մէջ:
Հանդիպումներէն յետոյ քանի մը լրատուամիջոցներու տուած հարցազրոյցի ընթացքին Պրայզա նշեց, որ միացեալ աշխատանքի դաշտ է Մեծամօրի հիւլէակայանի ապահովութիւնը, որ կը յանգեցնէ Հայաստանէն ելեքտրականութեան արտածումը աւելցնելուն: Ան նաեւ յայտնեց, թէ այժմ նկատի կ’առնուի այն հարցը, թէ ինչպէս կարելի է նոր եւ աւելի ապահով հիւլէակայան մը կառուցել Մեծամօրի կայանի փակման զուգընթաց:
«Մենք խօսում ենք նաեւ այլ հնարաւորութիւնների մասին՝ ինչպէս Հայաստանի տնտեսութիւնը համարկել հարեւանների եւ եւրոպական երկրների տնտեսական դաշտին: Վրաստանի հետ համագործակցութեամբ ինչպէս խորացնել Հայաստանի համարկումը եւրատլանտեան ընտանիքին», ըսաւ Պրայզա ու աւելցուց, որ Ռուսիոյ կողմէ Վերին Լարսի ճանապարհի փակումը դժուարութիւններ կը ստեղծէ Հայաստանի տնտեսութեան համար. «Մենք ոչ միայն ուզում ենք, որ բաց լինի այդ անցակէտը, այլ Վրաստանի միջոցով Հայաստանն առաւել շատ առեւտուր կատարի արտաքին աշխարհի հետ: Ի հարկէ, կը ցանկանայինք, որ Հայաստանի եւ Թուրքիայի, Հայաստանի ու Ատրպէյճանի յարաբերութիւններն էլ բնականոն դառնային հնարաւորինս շուտ», նշեց ան:
ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԺ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ
Խօսելով Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններու մասին, Պրայզա նշեց, որ «ընտրութիւնները մի քայլ առաջ էին ժողովրդավարութեան ամրապնդման ճանապարհին: Դրանք Հայաստանի անկախութեան վերջին փուլում անցկացուած ամենաազատ եւ արդարացի ընտրութիւններն էին» եւ ըստ իրեն, այդ ընտրութիւններով Հայաստանի ընտրական գործընթացները աւելի մօտեցան միջազգային չափանիշներուն, բայց դեռ ընելիք կայ:
Ան նշեց նաեւ, որ Հայաստանի խորհրդարանին մէջ քաղաքական զանազան ուժերու ներկայացուցիչներուն հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին ինք ընդգծած է Հայաստանի մէջ կենսունակ եւ ժողովրդավարական արժէքներուն հաւատարիմ ընդդիմութեան ստեղծումը, որ աւելի կը խթանէ ժողովրդավարութիւնը երկրին մէջ: «Դա պահանջում է ոչ միայն հանդուժողականութիւն ընդդիմադիր ուժերի նկատմամբ, այլեւ՝ ընդդիմադիր դաշտի ձեւաւորմանը նպաստելու աշխոյժ աշխատանքներ», նկատեց ան:
ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՐՑԻՆ
Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի հարցի լուծման, Պրայզա յայտնեց, որ հակամարտութիւնը աւելի մօտ է փոխադարձ զիջումներով լուծման եւ Հելսինքեան սկզբունքներուն հիմքի վրայ համաձայնութեան հասնելուն, քան ուրիշ հակամարտութիւններ:
Այս առնչութեամբ ան նշեց, որ չկայ ընդհանուր նախընթաց բոլոր հակամարտութիւններուն համար. նախընթաց կարելի չէ համարել նաեւ Քոսովոյի խնդիրի լուծումը եւ իւրաքանչիւր հակամարտութիւն իւրայատուկ է, իւրաքանչիւր լուծում եւս պէտք է ըլլայ իւրայատուկ եւ չի կրնար ըլլալ համընդհանուր նախընթաց, հակառակ պարագային՝ իւրաքանչիւր անջատողական շարժում աշխարհի մէջ պիտի ուզէ անկախութիւն ձեռք բերել, եւ այդ ոչ ոքի ձեռնտու է: «ԼՂ խնդրում ներառուած կողմերի պարտականութիւնն այն է, որ բանակցութիւնների միջոցով հասնենք փոխզիջումային այնպիսի լուծումների, որոնցում իրենց արտացոլումը կ’ունենան Հելսինքեան փաստաթուղթով նախատեսուած սկզբունքները: Չեմ կարծում, որ որեւէ երկրի իշխանութիւն կը ցանկանայ, որ միանգամից յայտարարուի, թէ Քոսովոն նախադէպ է», ըսաւ Պրայզա:
Ամերիկացի դիւանագէտը ըսաւ նաեւ, որ «լուծմանը մօտ լինել առաւել քան երբեւէ, չի նշանակում, որ հակամարտութիւնը կարող է արդէն լուծուել: Ս. Փեթերսպուրկի հանդիպումը հիասթափեցնող էր, բայց գործընթացի վերջը չէր: Հետաքրքիր գաղափարներ կան, որոնք քննութեան են առնում կողմերը, եւ մենք՝ համանախագահներս, կ’աշխատենք դրանց ուղղութեամբ: Մենք հանդիպելու ենք Մոսկուայում վաղը երեկոյեան եւ Չորեքշաբթի առաւօտեան: Միգուցէ, կողմերի ղեկավարները կը ցանկանան որոշակի ժամանակ’ մտորելու եւ տեսնելու, թէ յառաջիկայ ամիսներին քաղաքական զարգացումներն ինչ ուղղութեամբ կ’ընթանան: Եթէ մտածէինք, որ գործընթացն աւարտին է մօտեցել, Մոսկուայի հանդիպումը չէր կայանայ»: