ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրք յայտնի լրագրող Մէհմէտ Ալի Պիրանտ Ուրբաթ, Փետրուար 9ին իր սիւնակին մէջ կը գրէ, որ թերեւս թրքական բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Պիւյիւքանըթ կրնայ ազդեցութիւն գործել ամերիկացի քոնկրէսականներու վրայ, որպէսզի հայկական բանաձեւը մերժուի։ Պիրանտ կը յիշեցնէ, թէ Քոնկրէսի մօտ կացութիւնը փայլուն չէ Թուրքիոյ համար, որովհետեւ նախագահ Ճորճ Պուշի կառավարութիւնը տկարացած է դեմոկրատ մեծամասնութեան դիմաց:
Ան գրած է, թէ որքան որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Կիւլ Ուաշինկթընի մէջ կարգ մը խոստումներ ստացած ըլլայ, հայկական բանաձեւի հարցը փայլուն հեռանկար չունի։ Միակ բանը զոր կարելի է յուսալ այն է, որ Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Թամ Լանթոս թերեւս կը մերժէ բանաձեւը յղել Ներկայացուցիչներու տան լիագումար նիստին։ Լանթոս հրէական ծագում ունի եւ փափաքած է հանդիպում մը ունենալ Պիւյիւքանըթին հետ։ Լանթոս նախապէս Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին դէմ արտայայտուած էր, բայց իր դիրքը փոխեց, երբ Թուրքիա մերժեց ամերիկացիներուն օգնել Իրաքի պատերազմի օրերուն:
Ըստ Պիրանտի, Լանթոս Պիւյիւքանըթին հարց պիտի տայ, թէ բանաձեւին վաւերացումը ի՞նչ ազդեցութիւն կը գործէ Թուրքիա-Իսրայէլ յարաբերութիւններուն վրայ։