ՇԻՔԱԿՕ, «Ռոյթըրզ».- ՖԻՖԱի Հիւսիսային եւ Կեդրոնական Ամերիկաներու համադաշնակցութեան՝ «Քոնքաքաֆ»ի «Ոսկեայ բաժակ» մրցաշարքին աւարտական մրցումը տեղի ունեցաւ Կիրակի, Յունիս 24ին, հիւրընկալ Միացեալ Նահանգներու եւ Մեքսիքայի միջեւ:
Առաջին կիսախաղին տիրապետելէ ետք, Մեքսիքայի կազմը 44րդ վայրկեանին նշանակուած կօլով մը յառաջացաւ, սակայն երկրորդ կիսախաղին կացութիւնը շրջուեցաւ եւ Միացեալ Նահանգներու կազմը կրցաւ 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը կերտել:
Յատկանշական է, որ 2000էն ի վեր Միացեալ Նահանգներու եւ Մեքսիքայի կազմերուն միջեւ տեղի ունեցած 12 մրցումներէն ինն աւարտած է ամերիկեան կազմին յաղթանակով, իսկ Մեքսիքա կերտած է միայն երկու յաղթանակներ: 12րդ մրցումը հաւասարութեամբ աւարտած է:
Նկարին մէջ, յաղթական կազմին մարզիկները կը բարձրացնեն մրցաշարքին բաժակը: