Առաւել քան մէկ տարուան բացէ մը ետք, Միացեալ Նահանգները իր նոր նշանակած դեսպանը՝ Մարք Լիպին ուղարկեց Ատրպէյճան: Ան Պաքու հասաւ Շաբաթ օր՝ ուշ երեկոյեան, եւ մամուլին համար հանդէս եկաւ ատրպէյճաներէն հետեւեալ կարճ յայտարարութեամբ. «Անհամբեր կը սպասեմ իմ հաւատարմագիրներս յանձնելու կարելիութեան եւ սկսելու աշխատիլ՝ Միացեալ Նահանգներ-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու զարգացման եւ տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան հասնելու ուղղութեամբ: Նաեւ կ՛ուզեմ աւելի լաւ ճանչնալ ձեր գեղեցիկ երկիրը: Շնորհակալութիւն ջերմ ընդունելութեան համար»:
Յիշեցնենք, որ Լիպի երկար տարիներու դիւանագէտ մըն է. ան աշխատած է Պրիւքսէլի մէջ՝ իբրեւ Եւրոպական Միութեան մօտ Միացեալ Նահանգներու առաքելութեան ղեկավարի օգնական եւ գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար, խորհրդական եղած է նաեւ Վարշաւայի, Նասաուի, Նիքոսիոյ եւ Պաղտատի ամերիկեան դեսպանատուներուն մէջ եւ բարձր պաշտօններ վարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ: Ասիկա պիտի ըլլայ անոր՝ դեսպանի պաշտօնին առաջին նշանակումը:
«Ազատութիւն»ը կը գրէ, թէ ամերիկացի դիւանագէտը դեսպանի պաշտօնը կը ստանձնէ Պաքուի եւ Ուաշինկթընի միջեւ լարուած յարաբերութիւններու լոյսին տակ:
Լիպի խոստացաւ լարուածութեան հարցով անկեղծ երկխօսութիւն մը ունենալ Ալիեւի վարչակազմին հետ՝ նոյն ժամանակ ընդգծելով, որ իր երկրին եւ Պաքուի միջեւ համագործակցութիւնը՝ ահաբեկչութեան, սահմանային եւ ուժանիւթի բնագաւառներուն մէջ կը ծառայէ Միացեալ Նահանգներու ազգային շահերուն եւ ապահովութեան: Լիպին նոյնիսկ յիշեցուց, որ Ատրպէյճան՝ յետխորհրդային երկիր մը ըլլալով՝ ռուս-ուքրանական պատերազմին ընթացքին օգնութիւն ուղարկեց Ուքրանիա, ինչ որ, ըստ անոր, բաւական հետաքրքրական զարգացում է:
«Ազատութիւն»ը կը տեղեկացնէ, թէ ճիշդ այն ժամերուն, երբ Լիպի հասաւ Պաքու՝ ստանձնելու Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնը, ամերիկեան «Ուաշինկթըն Փոսթ»ը իր խմբագրական սիւնակը յատկացուց Ատրպէյճանի մէջ վերջին օրերուն լրագրողներու ձերբակալութիւններուն եւ Պաքուէն Ուաշինկթընի հասցէին հնչող մեղադրանքներուն:
«Նախագահ Իլհամ Ալիեւ, որ կը պաշտօնավարէ 2003ին իր հօր՝ Հեյտարի մահէն ի վեր, եւ որ երբեք հանդուրժողականութիւն չէ ցուցաբերած այլախոհութեան կամ քննադատութեան նկատմամբ՝ բռնաճնշումներու սկսած է անկախ լրատուամիջոցներու դէմ», կը գրէ թերթը՝ աւելցնելով. «Լրագրութիւնը եւ ազատ արտայայտուիլը, որքան ալ անհանգստացնեն Ատրպէյճանի բռնապետը, յանցագործութիւններ չեն»: