ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- «Փիու» ուսումնասիրական կեդրոնին կողմէ կատարուած ընդարձակ հարցախոյզի մը արդիւնքներուն համաձայն, Միացեալ Նահանգներու միջազգային վարկը կը շարունակէ անկում արձանագրել աշխարհի տարածքին, մինչ Չինաստանի հանդէպ զգացումները եւս սկսած են վատթարանալ:
47 երկիրներու մէջ կատարուած մօտաւորապէս 45,000 հարցազրոյցներու համաձայն, Միացեալ Նահանգներու վարկը ամենազգալի անկում արձանագրած է Թուրքիոյ մէջ: Արդարեւ, մինչ 2000ին թուրքերուն մօտաւորապէս 50 տոկոսը դրական զգացումներ ունէր Միացեալ Նահանգներու հանդէպ, այդ համեմատութիւնը աստիճանաբար անկում արձանագրելով հասած էր 12 տոկոսի, 2006ին, իսկ նորագոյն հարցախոյզին մէջ այդ համեմատութիւնը իջած է միայն 9 տոկոսի: