Մարդու իրաւունքներու Եւրոպական դատարանը (ՄԻԵԴ) 9 Մայիսին մերժեց վերջերս Հայաստանի սահմանը ապօրինաբար հատած Ատրպէյճանի երկու քաղաքացիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան համար, վերջիններուն հարազատներուն կողմէ Հայաստանի կառավարութեան դէմ Եւրոպական դատարանի կանոններու 39րդ կանոնով սահմանուած միջանկեալ միջոց կիրարկելու պահանջը:
«Արմէնփրէս»ը, վկայակոչելով Միջազգային իրաւական հարցերու ներկայացուցիչի գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութիւնը՝ դիտել տուաւ, որ Եւրոպական դատարանէն պահանջուած է կիրարկել միջանկեալ միջոց այն հիմնաւորումով, որ Հայաստանի մէջ ատրպէյճանցի երկու զինուորներու նկատմամբ կը դրսեւորուի կեանքի իրաւունքի եւ խոշտանգումներէ զերծ մնալու պարտաւորութեան հակասող վերաբերմունք:
Հայաստանի կառավարութիւնը Եւրոպական դատարանին ներկայացուց պատշաճ դիրքորոշում այն մասին, որ ատրպէյճանցի զինուորներուն իրաւունքները պատշաճ կերպով երաշխաւորուած են Հայաստանի մէջ: Կառավարութիւնը այս գծով Եւրոպական դատարանին ներկայացուց նաեւ համապատասխան ապացոյցներ:
Եւրոպական դատարանը՝ հիմնուելով Հայաստանի կառավարութեան դիրքորոշման վրայ, մերժեց Հայաստանի դէմ միջանկեալ միջոց կիրարկելու մասին ատրպէյճանցի զինուորներու հարազատներուն ներկայացուցած պահանջը: