ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արմէն Յարութիւնեանին այս տարուան առաջին կիսամեակին յղուած է 1353 դիմում-բողոք, որոնցմէ 503ը՝ գրաւոր:
Այս ընթացքին 158 դիմումներ կը քննուին, 33ը փոխանցուած են այլ մարմիններու, 62ի պարագային դիմողին ներկայացուած են իր իրաւունքներու եւ ազատութիւններու պաշտպանութեան հնարաւորութիւնները եւ այլն: Դրական լուծում տրուած է 36 դիմում-բողոքի: Վերոնշեալ ժամանակահատուածին, պաշտպանի գրասենեակէն պետական մարմիններուն ուղղուած նամակներու թիւը կազմած է 472:
Պաշտպանին յղուած դիմումներու մեծ մասը ուղղուած է Երեւանի քաղաքապետարանի գործունէութեան դէմ՝ 321, ապա ոստիկանութեան՝ 140, դատարաններու՝ 70, դատախազութեան՝ 69: