ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Մինչեւ տարեվերջ կ’աւարտին Չինաստանի մէջ կառուցուող հայ-չինական արուեստական քաուչուքի Շանսի-Նայիրիտ գործարանի շինարարական աշխատանքները:
Ըստ «Նայիրիտ-2» ընկերութեան տնօրէն Ալպերթ Սուքիասեանի, ձեռնարկութիւնը կը սկսի աշխատիլ 2008ի սկիզբին: Անոր տարեկան արտադրական հզօրութիւնը պիտի կազմէ 30 հազար թոն: Ձեռնարկութեան կառուցման համար պիտի կատարուի 100 միլիոն տոլար ներդրում:
Նշենք նաեւ, որ ընկերութեան շահի 40 տոկոսը պիտի փոխանցուի ՀՀ կառավարութեան, իսկ 60 տոկոսը՝ չինացի ներդնողներուն: