ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Հինգշաբթի, Յունուար 11ին, մինչ Լիբանանի կառավարութեան դէմ ընդդիմութեան սկսած բաց նստացոյցը 42րդ օրն ըլլալով կը շարունակուէր, կեդրոնական Պէյրութի մէջ, Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան ծրագրած ցոյցերը դադրեցան Հինգշաբթի օր, «հանգիստ տալու համար» ցուցարարներուն:
Նշենք, որ բողոքի ցոյցերու այս շարքը կը մերժէ Լիբանանի վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի կառավարութեան մշակած տնտեսական բարեկարգումներու ծրագիրը եւ «Փարիզ 3» խորհրդաժողովը։
Վերջին երկու օրերու ցոյցերուն ներկայ գտնուեցան համադաշնակցութեան մաս կազմող բոլոր միութիւնները, անոնց ներկայացուցիչները, համադաշնակցութեան նախագահ Ղասսան Ղոսն եւ պետական ու բարձրաստիճան մեծ թիւով անձնաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ ընդդիմադիր ուժերը ներկայացնող անձեր։
«Մենք կ՚ուզենք, որ այս ցոյցերը շարունակուին, հետզհետէ ընդլայնին եւ դառնան բաց գործադուլ։ Մենք այսօր հոս կը գտնուինք, որպէսզի Լիբանան ըլլայ Արեւելքի փարոսը», ըսաւ Ղոսն Չորեքշաբթի օրուան ցոյցին ընթացքին:
Ղոսն կոչ ուղղեց լիբանանցի ժողովուրդին իր վճարած տուրքերը որոնելու հարստութիւն դիզած քաղաքական անձնաւորութիւններուն մօտ եւ ոչ թէ աղքատներուն գրպաններուն մէջ։
Հինգշաբթի օր «Հըզպալլա» եւս յայտարարեց, թէ յառաջիկայ քանի մը օրերուն ընդդիմութիւնը մագլցողական քայլերու պիտի դիմէ:
Միւս կողմէ, Չորեքշաբթի օր Փարիզի մէջ սկսան «Փարիզ 3» խորհրդաժողովին եռօրեայ նախապատրաստական աշխատանքները, որոնց հսկեցին ելեւմուտքի նախարար Ժիհատ Ազուր, տնտեսութեան նախարար Սամի Հատտատ եւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ։
Աշխատանքներուն ընթացքին պիտի քննարկուին լիբանանեան կառավարութեան մշակած տնտեսական բարեկարգումի ծրագիրին կէտերը։
Ըստ Լիբանանի կառավարութեան, շուրջ 30 երկիրներ պիտի մասնակցին «Փարիզ 3» խորհրդաժողովին։
Նաեւ, բրիտանական «Տէյլի թելեկրաֆ» օրաթերթը կը յայտնէ, որ նախագահ Պուշ վարչապետ Սինիորային օժանդակելու գաղտնի ծրագիր մը վաւերացուցած է. ծրագիրը «Սի.Այ.Էյ.»ին արտօնութիւն կու տայ «Հըզպալլա»ի դէմ գաղտնի միջոցառումներ ձեռնարկելու։
Վերջապէս, Լիբանանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճէֆրի Ֆելթմըն կառավարութեան համակիր քաղաքական ուժերուն վստահեցուցած է, թէ շրջանին մէջ ընդհանուր համաձայնութեան մը գոյացումը Լիբանանի հաշւոյն պիտի չըլլայ: