ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Իրաքի իշխանութիւնները Երեքշաբթի, Օգոստոս 28ին կրակմարի դրութիւն հաստատեցին շիիներու սրբավայր Քերպալայի մէջ, ուր աւելի քան մէկ միլիոն շիի ուխտաւորներ հաւաքուած էին: Ուխտաւորներուն նաեւ հրահանգուեցաւ հեռանալ քաղաքէն եւ հանրակառքեր տրամադրուեցան անոնց հեռացումը արագացնելու նպատակով:
Երկուշաբթի գիշեր եւ Երեքշաբթի օր տեղի ունեցած բախումներու ընթացքին առնուազն 27 հոգի սպաննուած էր քաղաքին մէջ, որմէ ետք Իրաքի ներքին գործոց նախարարութիւնը միջամտած էր, խիստ հսկողութեան տակ առնելով քաղաքին սահմանները:
Իրաքի իշխանութիւնները նաեւ յաւելեալ ապահովական ուժեր ղրկած են շրջանը, կացութիւնը զսպելու նպատակով:
Ըստ տեղական աղբիւրներու, բախումները տեղի ունեցած են շիի երկու կազմակերպութեանց համակիրներու միջեւ, որոնցմէ մէկը Պաղտատի կառավարութեան համակիր է, իսկ միւսը՝ ընդդիմադիր:
Միւս կողմէ, ամերիկեան ուժերու հրամանատարութիւնը հաղորդեց, թէ ընդհանրապէս շիիներով բնակեցուած Խալիս գիւղաքաղաքին մէջ, ամերիկեան եւ իրաքեան ուժեր, օժանդակութեամբ ամերիկեան ռազմական ուղղաթիռներու եւ օդանաւերու, Երեքշաբթի օր սպաննած են առնուազն 33 սիւննի զինեալներ, որոնք յաջողած էին գիւղաքաղաքին ջուրի մատակարարումը կասեցնել: