ՆԱՀՐ ԷԼ ՊԱՐԷՏ, «Ռոյթըրզ».- Երեքշաբթի, Յուլիս 17ին լիբանանեան բանակը յաւելեալ դիրքեր ու ռազմագիտական կարեւորութիւն ունեցող բլուր մը գրաւեց հիւսիսային Լիբանանի Նահր էլ Պարէտ գաղթակայանին հին թաղամասերուն մէջ, ուր «Ֆաթհ իսլամ»ի զինեալները կը շարունակեն դէմ դնել բանակին յառաջխաղացքին: Երեքշաբթի օրուան յարձակումներուն ընթացքին բանակը երկու զոհ եւս տուաւ, մինչ 14 այլ բանակայիններ վիրաւորուեցան:
Նաեւ, Նահր էլ Պարէտէն արձակուած «Քաթիուշա» տիպի հրթիռ մը ինկաւ գաղթակայանէն հինգ քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Աքքարի մէկ գիւղին վրայ։ «Քաթիուշա» տիպի չորս այլ հրթիռներ ինկան Պէյթ Հատարա-Արքա շրջանին մէջ։
Ըստ չհաստատուած տեղեկութեանց, «Ֆաթհ իսլամ»ի ղեկավար Շաքէր Ապսի սպաննուած է, իսկ Պաղեստինի ազատագրութեան ժողովրդային ճակատի ընդհանուր հրամանատարութիւնը Երկուշաբթի գիշեր հաստատեց, որ «Ֆաթհ իսլամ»ի պատասխանատուներէն Ապու Հրէյրա սպաննուած է: