ՌԱՄԱԼԼԱ, ԿԱԶԱ, «Ռոյթըրզ».- Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 18ին, պաղեստինեան շրջաններուն մէջ վիճակը շարունակեց անկայուն մնալ, հակառակ մէկ օր առաջ «Համաս»ի ու «Ֆաթհ»ի միջեւ գոյացած զինադադարի համաձայնութեան:
Արդարեւ, «Ֆաթհ»ի անդամ մը սպաննուեցաւ Կազայի մէջ, մինչ ուրիշներ վիրաւորուեցան, իսկ աւելի ուշ կազմակերպութեան բարձրաստիճան ղեկավար մը եւ ութ ուրիշներ առեւանգուեցան, մինչ «Ֆաթհ»ի համակիրներ առեւանգեցին «Համաս»ի ղեկավար մը:
«Համաս»-«Ֆաթհ» լարուածութիւնը աւելի սրած էր կանխահաս ընտրութեանց դիմելու նախագահ Մահմուտ Ապպասի Շաբաթ օր կատարած յայտարարութենէն ետք:
Արդարեւ, Ապպաս ճառի մը ընթացքին կոչ ուղղեց կատարելու նախագահական եւ երեսփոխանական կանխահաս ընտրութիւններ, իսկ «Համաս» պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ յեղաշրջում կատարելու ամբաստանութիւն ուղղեց Ապպասին՝ պահանջելով անոր հրաժարականը:
Ռամալլայի նախագահական նստավայրին մէջ հարիւրաւոր համակիրներու ուղղուած իր խօսքին մէջ Ապպաս ներկայացուց արեւմտեան շրջափակումին վերջ դնելու նպատակով «Համաս»ի հետ ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը կազմելու բանակցութիւններուն անցած հանգրուանները: «Այդ բանակցութիւնները փակուղիի առջեւ կը գտնուին, եւ որոշեցի պաղեստինցի ժողովուրդը հրաւիրել նախագահական եւ երեսփոխանական կանխահաս ընտրութիւններու: Վերադառնա՛նք ժողովուրդին. լսե՛նք անոր խօսքը. թող ա՛ն ըլլայ իրաւարարն ու դատաւորը», ըսաւ Ապպաս:
«Համաս»ի անդամ եւ պաղեստինեան կառավարութեան արտաքին գործոց նախարար Մահմուտ Զահհար պնդեց, թէ կառավարութիւնը այդ ընտրութիւնները պիտի չթոյլատրէ: «Ասիկա իսկական պետական հարուած մըն է: Ապպաս երբեք չէ ճանչցած այս կառավարութիւնը եւ անոր ոչ մէկ նիստին մասնակցած է. պաղեստինեան շրջաններ այցելած օտար նախարարները ի՛նք ընդունած է եւ այդ հանդիպումներուն մասնակցելու համար ոչ մէկ պաղեստինցի նախարար հրաւիրած է», ըսաւ Զահհար:
«Համաս»ի երեսփոխաններէն Մոշիր Մասրի ըսաւ, որ երեսփոխանական վերջին ընտրութիւնները տեղի ունեցած են այս տարեսկիզբին, եւ ոչ մէկ օրինական պատճառ կայ կատարելու կանխահաս ընտրութիւններ:
«Համաս»ի անդամ եւ պաղեստինեան իշխանութեան վարչապետ Իսմայէլ Հանիյէի գլխաւոր խորհրդական Ահմատ Եուսէֆ վստահեցուց, որ «Համաս» խաղաղ միջոցներով պիտի ընդդիմանայ Ապպասի որոշումին:
Սակայն, Իսրայէլ ողջունեց Ապպասի որոշումը: Իսրայէլեան կառավարութեան բանբեր Միրի Էյսին յայտարարեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Էհուտ Օլմերթ «կը յարգէ Ապու Մազէնը (Ապպաս) եւ կը յուսայ, որ ան պիտի յաջողի պաղեստինցի ժողովուրդին պարտադրելու իր ղեկավարը, նաեւ կազմելու միջազգային ընտանիքի սկզբունքները յարգող կառավարութիւն մը»:
Յայտնենք, թէ Ապպաս Երկուշաբթի օր հանդիպում մը ունեցաւ պաղեստինեան շրջաններ այցելող Բրիտանիոյ վարչապետ Թոնի Պլէրի հետ, որ Միջին Արեւելքի իր շրջապտոյտով կը փորձէ վերակենդանացնել Իսրայէլ-պաղեստինեան խաղաղութեան գործընթացը: