ՊՈԼԻՍ, «Ռոյթըրզ».- Պենետիքթ ԺԶ. պապի Թուրքիա այցելութիւնը խափանելու յոյսով, թուրք մը Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 2ին ատրճանակով կրակեց Պոլսոյ մէջ իտալական հիւպատոսարանին առջեւ: «Ես ըրի այն, ինչ որ իւրաքանչիւր իսլամ պէտք է ընէ: Աստուծոյ կամքով, պապը Թուրքիա պիտի չգայ. իսկ եթէ գայ, ապա պիտի տեսնէ, թէ ինչ պիտի պատահի իրեն», ըսաւ 26 տարեկան թուրքը, ձերբակալուելէ ետք ոստիկանական ինքնաշարժ փոխադրուելու ընթացքին:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ կառավարութիւնը դիւանագիտական ապտակ մը տուաւ Վատիկանի, երբ յայտարարեց, որ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան պիտի չկարենայ տեսակցիլ պապին հտ, «որովհետեւ բազմազբաղ է»:
Վատիկանի բարձրաստիճան աղբիւրներ ըսին. «Չենք յիշեր նոյնիսկ մէկ այլ պարագայ, ուր այսքան բարձրաստիճան պաշտօնատարներ չեն տեսակցած իրենց երկիրը այցելող պապի մը հետ»: