ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Չորեքշաբթի, Օգոստոս 29ին, Թուրքիոյ նորընտիր նախագահ Ապտալլա Կիւլ վաւերացուց վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողանի նոր կառավարութեան կազմը, որու միջոցաւ Էրտողան կը յուսայ արագացնել քաղաքական ու տնտեսական այն բարեկարգումները, որոնք հարկաւոր են երկիրը Եւրոմիութեան լիիրաւ անդամ դարձնելու նպատակով սպասուած բանակցութիւնները առաջ մղելու:
Յուլիսին տեղի ունեցած խորհրդարանական կանխահաս ընտրութիւններէն կարճ ժամանակ մը ետք, Էրտողան նոր կառավարութեան անուանացանկը յանձնած էր նախորդ նախագահ Ահմատ Նէճտէթ Սէզէրին, որ մերժած էր վաւերացնել զայն:
Նոր կառավարութեան մէջ Կիւլ նախկին պաշտօնը՝ արտաքին գործոց նախարար, վստահուած է Ալի Պապաճանի, որ պիտի պահէ նաեւ Եւրոպական միութեան հետ գլխաւոր բանագնացի իր պաշտօնը:
Յայտնենք, թէ Կիւլի երդման արարողութեան ներկայ չեղան Թուրքիոյ բանակի հրամանատարութիւնն ու ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան ներկայացուցիչները:
Սպայակոյտի պետ զօր. Եաշար Պիւյիւքանըթ մինչեւ վերջին վայրկեանը փորձած էր դէմ դնել Կիւլի նախագահ ընտրուելուն եւ Երկուշաբթի օր շեշտած է, թէ երկրին մէջ կը շարունակուին աշխարհիկ ու ժողովրդավարական կառոյցը ձախողութեան մատնելու փորձերը:
Թուրքիոյ բանակը ինքզինք կը համարէ երկրին աշխարհիկ կարգերու պահապանը եւ ինքնիրեն շնորհած իրաւասութիւններով վերջին 60 տարիներուն տապալած է չորս կառավարութիւններ:
Երդման արարողութենէն ետք, Կիւլ յայտարարեց, թէ պիտի շարունակէ պաշտպանել երկրին աշխարհիկ սկզբունքները: