ԹԷԼ ԱՒԻՒ, «Ռոյթըրզ».- Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 27ին,՝ Իսրայէլի վարչապետ Էհուտ Օլմերթ յայտարարեց, թէ պատրաստ է բանակցութեանց սեղան վերադառնալու պաղեստինեան իշխանութեան հետ, եթէ պաղեստինցիները յաջողութեամբ պսակեն «չափաւորական» կառավարութիւն մը կազմելու աշխատանքները:
Ան միաժամանակ շեշտեց, թէ պաղեստինցիներու կողմէ առեւանգուած իսրայէլացի զինուորին փոխարէն պատրաստ է «բազմաթիւ» պաղեստինցի բանտարկեալներ ազատ արձակելու:
Ան դարձեալ արտայայտուեցաւ գրաւեալ Արեւմտեան Ափէն նահանջելու իր ծրագրին մասին, միաժամանակ շեշտելով, թէ անոր կարգ մը շրջանները պէտք է Իսրայէլի կցել, հակառակ պաղեստինցիներուն կտրուկ ընդդիմութեան:
Իսրայէլեան ուժերը Կիրակի օր հեռացան Կազայէն՝ գործադրելով հանրային կարծիքին համար անակնկալ եւ անսպասելի «զինադադար» մը: Այսուհանդերձ, «Իսլամական ճիհատ»ի եւ «Համաս»ի զինեալ թեւերը յայտարարեցին, որ տրամադիր չեն դադրեցնելու Իսրայէլի վրայ հրթիռարձակումները: Իրօք, անոնք բազմաթիւ հրթիռներ արձակեցին իսրայէլեան շրջաններուն վրայ, բայց հրթիռները արտերու մէջ պայթելով՝ զոհեր, վիրաւորներ կամ նիւթական լուրջ վնասներ չպատճառեցին:
Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս պաղեստինեան ապահովական մարմիններուն հրամայեց խիստ հսկողութեան տակ առնել Կազայի սահմանամերձ շրջանները եւ արգիլել հրթիռարձակումները:
Պաղեստինեան ապահովական ուժերու բարձրաստիճան սպաներէն մէկը միջազգային լրատու գործակալութիւններուն յայտնեց, որ հրահանգ ստացած է մեծաթիւ ուժեր ղրկելու շրջան: «Այդ ուժերուն տրուած են յստակ ցուցմունքներ. զինադադարին շուրջ գոյացած ազգային համաձայնութիւնը խախտող անձերը պիտի նկատուին օրինազանց, եւ իբրեւ այդպիսիք՝ պիտի արժանանան մեր ուժերու համապատասխան վերաբերումին», ըսաւ ան:
Իսրայէլի վարչապետը բանակին հրամայեց չհակազդել հրթիռարձակումներուն: «Թէեւ պաղեստինեան կողմը խախտած է զինադադարը, ես մեր պաշտպանութեան պատասխանատու մարմիններուն հրամայեցի չհակազդել, ինքնազսպում ցուցաբերել, որպէսզի առիթ տրուի այս զինադադարին ամբողջական գործադրութեան, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ ժամանակ տրուի, որպէսզի անիկա դառնայ ի զօրու», յայտարարեց Օլմերթ: