ԱՐՊԻԼ, «Ռոյթըրզ».- Ամերիկացիներու կողմէ իրանցիի մը ձերբակալութենէն ետք Իրաքի հետ սահմանը փակելու Իրանի իշխանութեանց Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 24ի որոշումը նեղ կացութեան մատնած է հիւսիսային Իրաքի քրտաբնակ շրջանը:
Քիւրտ առեւտրականներ Երեքշաբթի օր յայտնեցին, թէ մեծ թիւով փոխադրակառքեր սահմանին միւս կողմը մնացած են եւ աւելցուցին, թէ պարտադրուած պիտի ըլլան Սուրիայէն կամ Թուրքիայէն ներածումներ կատարելու, եթէ Իրանի հետ սահմանը մօտիկ ապագային չվերաբացուի: Անոնք կ’աւելցնեն, թէ սահմանը փակելու որոշումը նաեւ մեծ վնաս պիտի հասցնէ իրանցիներուն:
Թեհրան սահմանը փակած էր դատապարտելու համար անցեալ Հինգշաբթի օր տեղի ունեցած իրանցիի մը ձերբակալութիւնը, հակառակ այն իրողութեան, որ ենթական Իրաքի կառավարութեան հրաւէրով Իրաք կը գտնուէր:
Իրաքի քիւրտ նախագահ Ճալալ Թալապանի Երեքշաբթի օր կոչ ըրաւ ամերիկեան իշխանութեանց, որ ազատ արձակեն իրանցին, անոր ձերբակալութիւնը «ապօրինի» որակելով:
Սակայն ամերիկեան աղբիւրներ կը յայտնեն, թէ ենթական ձերբակալուած է, որովհետեւ Իրաքի մէջ գործող շիի զինեալ խմբաւորումներուն օժանդակութիւն կը տրամադրէր:
Միւս կողմէ, Պաղտատէն հիւսիս գտնուող Պաքուպայի ոստիկանութիւնը Երեքշաբթի օր հաղորդեց, թէ Երկուշաբթի երեկոյեան տեղի ունեցած անձնասպանական ար-արքին զոհերուն թիւը 28ի հասած է: Վիրաւորուած են 34 ուրիշներ: Յարձակումին թիրախն էր շիի եւ սիւննի զինեալ խմբաւորումներու միջեւ հանդիպումը, որ մզկիթի մը մէջ տեղի կ’ունենար: Զոհերուն մէջ կային եօթը ոստիկաններ, ներառեալ երեք սպաներ:
Նաեւ, Երեքշաբթի օր Պաղտատի մէջ տեղի ունեցած երկու պայթումները առնուազն վեց զոհեր խլեցին եւ արձանագրուեցան 20 վիրաւորներ, իսկ հարաւային Պասրա քաղաքին մէջ յարձակումի մը զոհ գացին իրաքցի երեք ոստիկաններ: