ՊԱՂՏԱՏ, ԼՈՆՏՈՆ, ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 13ին, Իրաքի տարածքին շարունակուող յարձակումներուն հետեւանքով սպաննուեցան Իրաքի 15 քաղաքայիններ, ինչպէս նաեւ ներքին գործոց նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնատար մը:
Նոյն օրը, Իրաքի տարածքին բացայայտուեցան չարչարուելէ ետք սպաննուած 16 իրաքցիներու դիակները:
Միւս կողմէ, Բրիտանիոյ ցամաքային ուժերու նոր ընդհանուր հրամանատար Ռիչըրտ Տէնէթ Ուրբաթ օր մեղմացուց մէկ օր առաջ իր կատարած այն յայտարարութիւնը, թէ Իրաքի կարգ մը շրջաններու մէջ օտար ուժերու ներկայութիւնը կացութիւնը բարելաւելու փոխարէն ապահովական վիճակը կը վատթարացնէ: Ան Ուրբաթ օր շեշտեց, թէ այս յայտարարութիւնը պէտք չէ նկատել օտար ուժերը Իրաքէն հեռացնելու կոչ մը եւ վստահեցուց, թէ ուժերը հոն պիտի մնան մինչեւ իրենց առաքելութեան ամբողջացումը:
Նաեւ, Ուրբաթ օր բրիտանական հետախուզութիւն մը հասաւ այն եզրակացութեան, որ ամերիկացի զինուորներ 2003ին անարդարանալի դրդապատճառներով սպաննած են բրիտանացի լրագրող մը, ֆրանսացի նկարող մը եւ լիբանանցի թարգմանիչ մը: Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը անմիջապէս անհիմն համարեց այս եզրակացութիւնը: