ԿԱԶԱ, «Ռոյթըրզ».- Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 13ին, խումբ մը զինեալներ Կազայի դատարաններէն մէկուն առջեւ «Համաս»ի անդամ դատաւորի մը ինքնաշարժը կանգնեցուցին եւ դատաւորը ինքնաշարժէն դուրս բերելով տեղնուտեղը սպաննեցին:
Մէկ օր առաջ, պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի «Ֆաթհ» կուսակցութեան կազմակերպած ցոյցի մը ընթացքին «Համաս»ի զինեալներ կրակ բացած էին «Ֆաթհ»ի անդամներու եւ անոր համակիրներուն վրայ՝ աւելի եւս սրելով երկու կազմակերպութիւններուն միջեւ լարուածութիւնը:
Երեքշաբթի օրուան ցոյցը կը կատարուէր բողոքելու համար շաբաթասկիզբը «Ֆաթհ»ի անդամի մը երեք զաւակներուն սպանութեան դէմ:
«Ցոյցը խաղաղ բնոյթ ունէր, բայց անոր մասնակցող պատանիներ քանի մը քար նետեցին «Համաս»ի զինեալներու վրայ: Ասիկա պատճառ չէ կրակ բանալու», ըսաւ «Համաս»ի պատասխանատու Սալէհ Համատ՝ յայտնելով, որ զինեալներու կրակոցները վիրաւորած են չորս ցուցարարներ:
Միւս կողմէ, Ապպասի խորհրդականներէն մէկը յայտնեց, որ նախագահը Շաբաթ օր պաղեստինցի ժողովուրդին պիտի յայտնէ, որ վճռած է նախագահական եւ երեսփոխանական կանխահաս ընտրութիւններու դիմել: