ՆԱՀՐ ԷԼ ՊԱՐԷՏ, «Ռոյթըրզ».- Երկուշաբթի, Յունիս 18ին, հիւսիսային Լիբանանի Նահր էլ Պարէտ գաղթակայանին մէջ լիբանանեան բանակին եւ «Ֆաթհ իսլամ»ի զինեալներուն միջեւ հինգ շաբաթ առաջ սկսած բախումները շարունակուեցան, եւ լիբանանեան բանակը շարունակեց յառաջխաղացք արձանագրել, տալով երեք զոհեր եւս:
Բանակը գրաւեց «Ֆաթհ իսլամ»ի կարեւորագոյն կեդրոնը նկատուող «Սամէտ» կառոյցը, որ ամբողջովին քանդուեցաւ: Այս շէնքին մէջ տեղադրուած էր զինեալ կազմակերպութեան գլխաւոր ղեկավար Շաքէր Ապսիին, որուն մասին հաստատ տեղեկութիւններ չկան:
Լիբանանեան բանակի զինուորները գտան նաեւ ափրիկեցի եւ պանկլատէշցի զինեալներու դիակներ։
Նոյն օրը, հարաւային Լիբանանի պաղեստինեան Այն էլ Հըլուէ գաղթակայանին մէջ պայթումի մը պատճառով «Ֆաթհ իսլամ»ի գաղափարակից «Ժունտ էլ Շամ»ի կազմակերպութեան երկու անդամներ սպաննուեցան:
Միւս կողմէ, ցարդ անծանօթ իսլամական խմբակցութիւն մը ստանձնեց մէկ օր առաջ Իսրայէլի վրայ կատարուած հրթիռարձակման պատասխանատուութիւնը եւ խոստացաւ Իսրայէլի դէմ յարձակումները շարունակել։
Կիրակի յետմիջօրէին հարաւային Լիբանանի Թայպէ շրջանէն «Քաթիուշա» տիպի երեք հրթիռներ արձակուեցան Իսրայէլի ուղղութեամբ, անոնցմէ երկուքը ինկան Քըրիաթ Շմոնա բնակեցման վայրին մէջ, իսկ երրորդը՝ Ատայսէ շրջանին մէջ՝ ՄԱԿի ուժերուն կեդրոնատեղիին մօտերը, նիւթական վնասներ պատճառելով:
«Հըզպալլա» հաստատեց, որ ինք որեւէ կապ չունի հրթիռարձակումներուն հետ, իսկ իսրայէլացի զինուորական պատասխանատու մը յարձակումը վերագրեց պաղեստինեան կազմակերպութեան մը: