ԿԱԶԱ, «Ռոյթըրզ».- Երեքշաբթի, Յունուար 30ին, համեմատական խաղաղութիւն տիրեց Կազայի մէջ, շնորհիւ Երկուշաբթիէն Երեքշաբթի գիշերուան ընթացքին «Համաս»ի անդամ եւ պաղեստինեան իշխանութեան վարչապետ Իսմայիլ Հանիյէի ու պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի «Ֆաթհ» շարժումի ղեկավարներէն Ռաուհի Ֆաթթուհի միջեւ գոյացած զինադադարի համաձայնութեան:
Սակայն, Երեքշաբթի օր «Համաս»ի 28ամեայ անդամ մը սպաննուեցաւ Կազայի Խան Եունիս շրջանին մէջ, ծպտուած զինեալներու կողմէ: Կողմերը անմիջապէս նոր յայտարարութիւններ կատարեցին կացութիւնը հակակշռի տակ պահելու, հակառակ զինադադարի պայմաններուն այս խախտումին:
Միջպաղեստինեան բախումները անցեալ Հինգշաբթիէն ի վեր 35 զոհ խլած են Կազայի մէջ:
Ըստ պաղեստինեան աղբիւրներու, Եգիպտոս կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է նորագոյն զինադադարի համաձայնութիւնը գոյացնելու աշխատանքներուն մէջ:
Միւս կողմէ, Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա թագաւորը յայտարարեց, թէ միջպաղեստինեան բախումները «ամօթալի» են եւ կ՚ականահարեն պաղեստինեան դատը։ Ան երկու կողմերուն կոչ ուղղեց բանակցութիւններու սկսիլ իսլամական սրբավայր Մեքքայի մէջ՝ իր երկրին միջնորդութեամբ։
«Կոչ կ՚ուղղեմ երկու հատուածներուն՝ ստիպողական բանակցութիւններ կատարելու Մեքքայի մէջ. թող առանց արտաքին միջամտութիւններու քննարկեն տարակարծութեանց պատճառ դարձած հարցերը», ըսաւ ան։
Սէուտական Արաբիոյ պետական լրատու գործակալութեան հաղորդումին համաձայն՝ սէուտցի գահակալը ըսած է. «Մեր սիրտերէն արիւն կը հոսի, երբ կը տեսնենք, թէ ինչ կը կատարուի մեր պաղեստինցի եղբայրներու հողին վրայ։ Այս բռնարարքները իրենց անարդարանալի դրդապատճառներով ու տկար պատրուակներով կ՚արատաւորեն պաղեստինցիներու ազգային պատուաբեր պայքարը»։