ՇԱՐՄ ԷԼ ՇԷՅԽ, Եգիպտոս, «Ռոյթըրզ».- Երկուշաբթի, Յունիս 25ին, Իսրայէլի վարչապետ Էհուտ Օլմերթ յայտարարեց, թէ Իսրայէլի կառավարութեան պիտի առաջարկէ ազատ արձակել ուղղակիօրէն ահաբեկչական արարքներու չմասնակցած 250 պաղեստինցի բանտարկեալներ, յուսալով զօրացնել պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի դիրքը:
Ան այս յայտարարութիւնը կատարեց Շարմ էլ Շէյխի մէջ Ապպասի հետ խորհրդակցելէ ետք: Հանդիպումին մասնակցեցան նաեւ Եգիպտոսի նախագահ Հոսնի Մուպարաք եւ Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը։
Օլմերթ նաեւ խոստացաւ Արեւմտեան Ափի մէջ անցարգելները նուազեցնել, դիւրացնելու համար պաղեստինցիներու երթեւեկը, սակայն իսրայէլացի զինուորական հրամանատարներ համաձայն չեն թուիր նման քայլերու:
Կազան իր հակակշռին տակ առած «Համաս» շարժումը քննադատեց Ապպասի եւ Օլմերթի միջեւ հանդիպումը։ «Համաս»ի բանբեր Ֆաուզի Պարհում յայտնեց, որ այդ գերաստիճանը անտեղի է եւ պաղեստինցիներուն ու աշխարհին որեւէ բարիք պիտի չբերէ։
Միւս կողմէ, ՄԱԿի բանբեր Միշէլ Մոնթաս յայտնեց, որ միջինարեւելեան քառեակին պատուիրակ մը նշանակելու Միացեալ Նահանգներու գաղափարը եւ այդ պաշտօնը Թոնի Պլէրին վստահիլը «քննարկումի կ՚ենթարկուի»։
Մինչ այդ, Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութեան կեդրոնական խորհուրդին զօրակցութիւնը ստանալէ ետք, Ապպաս կարելի եղածին չափ մօտ ատենէն կը միտի նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններ կատարել։
Իր կարգին, Պաղեստինեան ազգային միասնականութեան կառավարութեան վարչապետ Իսմայիլ Հանիյէ քննադատեց Իսրայէլի կողմէ գանձուած տուրքերու սառեցուած գումարներ պաղեստինեան նոր կառավարութեան յանձնելու Իսրայէլի որոշումը: Հանիյէ յայտնեց, որ այդ դրամը կը պատկանի բոլոր պաղեստինցիներուն եւ ոչ միայն Արեւմտեան Ափին:
Իսրայէլի վերոնշեալ քայլին նպատակը պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Ապպասի զօրակցութիւն ապահովելն է: Ապպասի կողմէ նշանակուած արտակարգ դրութեան նոր կառավարութեան մաս չի կազմեր «Համաս»ը:
Իսրայէլի Յունուար 2006էն ի վեր սառեցուցած էր տուրքերուն յանձնումը, որովհետեւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին «Համաս» յաղթանակ արձանագրած էր:
Իսրայէլի վարչապետը յայտնեց, որ գումարը «աստիճանաբար» պիտի յանձնուի, օգնելու համար պաղեստինեան նոր կառավարութեան:
Պաղեստինցի պաշտօնատար մը յայտնեց, թէ Իսրայէլ յստակ երաշխիքներ կը պահանջէ, որ հարիւրաւոր միլիոն տոլարի հասնող այդ գումարը «Համաս»ին պիտի չհասնի:
Իսրայէլի պարտադրած շրջափակումը պաղեստինեան տնտեսութեան վրայ ծանր ազդեցութիւն ունեցած է եւ պատճառ դարձած է, որ պաղեստինեան իշխանութեան 160 հազար պաշտօնեաները իրենց ամսականները ամբողջութեամբ չգանձեն:
Անդրադառնալով Եգիպտոսի գերաստիճանին, Հանիյէ յայտնեց, որ հանդիպումին գծով որեւէ յոյս «խաբկանք եւ պատրանք» է: Հանիյէ ըսաի նաեւ, որ «ամերիկացիները ոչինչ պիտի տան: Իսրայէլ մեզի ոչինչ պիտի տայ: Մեր հողերը պիտի չվերադառնան, բացի եթէ ամուր կեցուածք եւ դիմադրութիւն ի գործ դրուի»: